image

Գերշ. Տ. Արիս արք. Շիրվանեան. Ի տէր հանգաւ

 Գերշ. Տ. Արիս արք. Շիրվանեան. Ի տէր հանգաւ

Այսօր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ իր հոգին աւանդած է Մայր Աթոռի երիցագոյն միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Արիս արք. Շիրվանեան։

 Սրբազան հայրը ծնած էր Հայֆայի մէջ՝ Իսրայէլ։

 Ան եղած է անդամ Երուսաղէմի Միաբանութեան եւ զբաղեցուցած է բարձրագոյն պաշտօններ։

 Վերջին տարիներուն Գերշ. Արիս Սրբազան տեղափոխուած էր հայրենիք՝ Հայաստան եւ կը զբաղէր բարեսիրական գործունէութեամբ, ան նաեւ հիմնադրած էր եկեղեցասէր միութիւն մը, որուն նպատակն էր հաւաքական մկրտութիւններ կազմակերպել Հայաստանի հեռաւոր շրջաններուն մէջ։

Սրբազան հօր վերջին օծման, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին յառաջիկայ յունուարին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սուրբ Գայիանէ տաճարին մէջ։

Տակաւին կ՚անդրադառնանք։

 

 Սրբազան հօր  վախճանման տեղեկութիւնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի  դիմատետրեան  պաշտօնական  էջէն։