Փետրուար 16-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցած է «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս» պարբերականի 2023 թ. 43/1 եւ 43/2 հատորներու շնորհանդէսը:
Այս մասին յայտնած են թանգարանի մամուլի ծառայութենէն։
Նախ՝ ներկաները ողջունած է ՀՑԹԻ տնօրէն Էտիթա Գզոյեանը, ապա նշած, որ ուրախ է առաջին անգամ տնօրէնի կարգավիճակով «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս» պարբերականի շնորհանդէսի մասնակիցները հիւրընկալելու համար: Ան ընդգծած է, որ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ը, որ կը միաւորէ Սփիւռքի եւ Հայաստանի գիտական ներուժը, հայագիտութեան ոլորտի մէջ բացառիկ նշանակութիւն ունի:
Միջոցառման ելոյթներով հանդէս եկած են «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի պատասխանատու խմբագիր Անդրանիկ Տաքէսեանը, Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտոսթեանը, Մատենադարանի գիտական գծով տնօրէնի տեղակալ Վահէ Թորոսեանը: Անդրանիկ Տաքէսեանը նշած է, որ Հանդէսի երկու համարներուն մէջ ներկայացուած 50-է աւելի յօդուածները կը վերաբերին հայագիտութեան տարբեր երեսներուն՝ պատմութիւն, բանահիւսութիւն, կրօն, հասարակագիտութիւն, լեզուաբանութիւն եւ այլն:
Փօլ Հայտոսթեանն իր հերթին նշած է, որ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ը իւրատեսակ կամուրջ է Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ եւ ուրախ է, որ Երեւանի մէջ եւս տեղի ունեցաւ հատորներու շնորհանդէսը, ապա աւելեցուցած է որ մինչեւ Արցախի հայաթափումը իրենք երկու անգամ յաջողած են այնտեղ շնորհանդէսներ կազմակերպել: Մատենադարանի գիտական գիծով տնօրէնի տեղակալ Վահէ Թորոսեանն իր խօսքին մէջ կարեւորեց Սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող հանդէսներու՝ Հայաստանի մէջ ներկայացնելու գաղափարը:
«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ը Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հայագիտական ամպիոնի հրատարակութիւնն է, որ լոյս տեսած է 1970-1974 թթ., 1977-1984 թթ., իսկ արդէն 1991 թ.-էն առանց ընդհատումներու, Պէյրութի մէջ: