image

Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանը նոր ղեկավար ունի

Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանը նոր ղեկավար ունի

Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի որոշմամբ Պետրոս Պետոյեանը նշանակուած է Կեդրոն վարչական շրջանի ղեկավար։

Այս մասին իր դիմատետրեան էջին յայտնած է քաղաքապետի մամուլի խօսնակ Հայկ Կոստանեանը։

Անոր տեղեկացմամբ՝ Կեդրոն վարչական շրջանի նախկին ղեկավար Սամուէլ Ղուկասեանն ալ նշանակուած է Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի քաղաքաշինութեան եւ հողի վերահսկողութեան վարչութեան պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար։

Աւելի վաղ Կեդրոն վարչական շրջանի ղեկավար Սամուէլ Ղուկասեանը ազատուած էր պաշտօնէն։