Ապրիլ 23-ին ՀՀ ՊՆ N զօրամասէն հաղորդում ստացուած է այն մասին, որ նոյն օրը՝ ժամը 11:50-ի սահմաններուն, ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան տակ գտնուող մարտական դիրքի ուղղութեամբ հակառակորդի մարտական դիրքէն արձակուած հրազէնային կրակոցէն պարանոցի հատուածին վիրաւորում ստացած է նշուած զօրամասի զինծառայող Արտեոմ Արսէնի Պօղոսեանը։ Ստացած հրազէնային վիրաւորումէն դիրքէն հիւանդանոց տեղափոխելու ճանապարհին զինծառայողը մահացած է:
Քննչական կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ հաշուի առնելով, որ հաղորդմամբ ստացուած տուեալները կը վերաբերին Ատրպէյճանի ԶՈւ զինծառայողի կողմէ ռասաեական, ազգային, էթնիք ծագումով պայմանաւորուած ատելութեան, անհանդուրժողականութեան կամ թշնամանքի շարժառիթով ՀՀ ԶՈՒ զինծառայողը դիտաւորութեամբ կեանքէն զրկելուն՝ դէպքի առթիւ ՀՀ ՔԿ ԶՔԳՎ հինգերորդ կայազօրային քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ` ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 155-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 15-րդ կէտի յատկանիշներով։
Կը ձեռնարկուին անյետաձգելի ապացուցողական եւ վարութային գործողութիւններ կատարուածի հանգամանքները պարզելու եւ Ատրպէյճնի ԶՈւ գործողութիւններուն իրաւական գնահատական տալու նպատակով։
Աւելի վաղ ՊՆ-էն յայտնած էին, որ ապրիլ 23-ին՝ ժամը 11:50-ի սահմաններուն, Սոթքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքին մէջ, նախնական տուեալներով հակառակորդի կրակոցէն, հրազէնային մահացու վիրաւորում ստացած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Արտեոմ Արսէնի Պօղոսեանը:
Զինծառայողը Արմաւիրի մարզի Շենիկ գիւղէն էր, անոր զօրացրուելուն 40 օր մնացած էր: