Ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ Մարտ 7-ին, հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ բացուած կրակի հետեւանքով զոհուած ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պայմանագրային զինծառայող, սերժանտ Հրաչ Արամի Մանասարեան ծնունդով Սիւնիքի մարզի Ակներ գիւղէն էր։ Այս մասին պատմեց Ակների գիւղապետ Սպարտակ Մինասեան։
Գիւղապետը յայտնեց, որ վերջին տարիներուն սերժանտ Մանասարեան ընտանիքին հետ Վեդի տեղափոխուած էր ։
«Ամուսնացած էր, երկու մանկահասակ երեխայ ունէր։ Ընտանիքում երեք եղբայր էին ու մէկ քոյր. ինքը փոքրն էր»,- պատմեց Սպարտակ Մինասեան։
Աւելի վաղ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ այսօր՝ 12։40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները նշանառու կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւմտեան հատուածը տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ԶՈՒ երկու զինծառայող։ Վիրաւորում ստացած միւս զինծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար։
Լուրը՝ News.am-էն