image

Երախտագիտութիւն եւ յարգանք. Սկսած է գործել «Ոսկեբերան Արզումանեանի անուան կայք»ը (Լուսանկար)

Երախտագիտութիւն եւ յարգանք. Սկսած է գործել «Ոսկեբերան Արզումանեանի անուան կայք»ը (Լուսանկար)

 Օրերս գեղեցիկ եւ շնորհաշատ նախաձեռնութեամբ մը սկսած է գործել Ոսկեբերան Արզումանեանը յիշատակը պանծացնող պաշտօնական կայքէջ մը։

Այս մասին իմացանք համացանցէն։

 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ վաղ 1960-ականներէն եւ մինչեւ  իր մահը՝ 2007 թուական Ոսկեբերան Արզումանեան եղած է Լիբանանահայ ազգային-հասարակական կեանքի կարեւոր եւ ազնուական ներկայացուցիչներէն մին։

 Ան վարած է պատասխանատու բարձր պաշտօններ ու երկար ժամանակով ալ վարած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետի պաշտօնը։

 Եղած է հաւատարիմ գործակիցը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու նաեւ պարգեւատրուած Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։

 

 Ի դէպ աւելիով արժեւորելու համար նուիրեալ գործիչին յիշատակը անոր զաւակները գլխաւորութեամբ ազգային գործիչ-հրապարակագիր Տօքթ. Վարգէս Արզումանեանին հիմնադրած են յատուկ հիմնադրամ մը, որուն նպատակն է նիւթապէս օժանդակել Հայկական Վարժարաններու աւարտական երեք դասարաններէն, փայլուն եւ կարիքաւոր աշակերտներու, որպէսզի անոնք կարենան իրականացնել իրենց ձգտումները եւ կերտեն ակադեմական յաջող ապագայ։ 

 

Կայքը ունի նաեւ արխիւային, հրատարակչական, ինչպէս նաեւ լուսանկարներու բաժին մը, ուր լոյսին կը տրուին Ոսկեբերան Արզումանեանի անցած ճանապարհը, անոր  հրապարակած հատորները, գործունէութեան կարեւորագոյն դրուագները եւ անշուշտ հաւատամք-սկզբունքները։

 

 Երբեմնի ոսկեդար ապրած եւ այսօր խոր տագնապներու մէջ տուայտող լիբանանահայութեան երկնակամարին վրայ երեւացած, փայլած եւ իր աւանդը թողած Ոսկեբերան Արզումանեան իրաւամբ , իր անունով ապրած անձնաւորութիւն էր, իր էութեամբ վեհ եւ ազնուութեամբ աներեր մեծահոգի հայ մը։

 

 Յիշատակը անթառամ եւ անոր աւանդը շարունակողներուն, որոնք այս երախտարժան նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած են պիտի ըսենք՝ ձեր վարձքը կատար եւ ուղին անսպառ։

 

 Ի դէպ կայքը  ընթերցելու համար սեղմել  ՝այստեղ։