image

ԵՄ-ն որոշած է դադրեցնել բարձր մակարդակի հանդիպումները Վրաստանի ղեկավարութեան հետ. ԵՄ դեսպան

ԵՄ-ն որոշած է դադրեցնել բարձր մակարդակի հանդիպումները Վրաստանի ղեկավարութեան հետ. ԵՄ դեսպան

Եւրոպական Միութիւնը որոշած է դադրեցնել բարձր մակարդակի հանդիպումները Վրաստանի ղեկավարութեան հետ՝ Թիֆլիսի ոչ բարեկամական վերաբերմունքի պատճառով։ Այս մասին լրագրողներուն ըսած է Վրաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փաւել Կերչինսքին։

«Այս տարուան յունիսին՝ քանի մը ամիս առաջ, մենք Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու հետ քննարկեցինք, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ մեր մօտեցումը Վրաստանի ղեկավարութեան նկատմամբ, որ, մեր կարծիքով, անբարեացակամ վերաբերմունք ունի Եւրոպական Միութեան նկատմամբ, ինչպէս կրնանք յաղթահարել հակաեւրոպական ու հակաարեւմտեան մղումներն ու քարոզչութիւնը, դաւադրութեան տեսութիւնները: Եւ մենք որոշեցինք, որ Վրաստանի ներկայիս ղեկավարութեան հետ բարձր մակարդակի հանդիպումներ պիտի չունենանք»,-ըսած է Կերչինսքին։