Եւրոմիութիւնը կազամատակարարման վերաբերեալ բանակցութիւններ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Քաթարի եւ Ատրպէյճանի հետ այն պարագային, երբ Ռուսասանը որոշէ կրճատել կամ դադրեցնել մատակարարումները: Այս մասին յայտնած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը:
«Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք այն պարագային, եթէ դիւանագիտութիւնը անյաջողութեան մատնուի: Մենք կը դիտարկենք բոլոր տարբերակներն ու սենարները, այդ շարքին` աշխատանքը գործընկերներուն հետ, որոնցմէ են ԱՄՆ-ն, Քաթարը եւ Ատրպէյճանը, այն պարագային, երբ Ռուսաստանը որոշէ կրճատել կամ դադրեցնել մատակարարումները», կ'ըսուի Պորելի հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելի վաղ, Bloomberg գործակալութիւնը, յղում ընելով իր աղբիւրներուն, հաղորդած էր, Եւրոմիութիւնը մտադիր է շարք մը երկիրներու հետ բանակցիլ մատակարարումներու ծաւալները աւելցնելու շուրջ: Անցեալ շաբաթ Ատրպէյճանը պատրաստակամութիւն յայտնած էր մեծցնելու կազամատակարարման ծաւալները, եթէ Ռուսաստանի հետ լարուածութիւնը խորանայ: