image

ԵՄ-ն կազամատակարարման այլ աղբիւրներ կը փնտռէ Ռուսաստանը շրջանցելու համար

ԵՄ-ն կազամատակարարման այլ աղբիւրներ կը փնտռէ Ռուսաստանը շրջանցելու համար

Եւրոմիութիւնը կազամատակարարման վերաբերեալ բանակցութիւններ կը վարէ  Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Քաթարի եւ Ատրպէյճանի հետ այն պարագային, երբ Ռուսասանը որոշէ կրճատել կամ դադրեցնել մատակարարումները: Այս մասին յայտնած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը:

«Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք այն պարագային, եթէ դիւանագիտութիւնը անյաջողութեան մատնուի: Մենք կը դիտարկենք բոլոր տարբերակներն ու սենարները, այդ շարքին` աշխատանքը գործընկերներուն հետ, որոնցմէ են ԱՄՆ-ն, Քաթարը եւ Ատրպէյճանը, այն պարագային, երբ Ռուսաստանը որոշէ կրճատել կամ դադրեցնել մատակարարումները», կ'ըսուի Պորելի հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելի վաղ, Bloomberg գործակալութիւնը, յղում ընելով իր աղբիւրներուն, հաղորդած էր, Եւրոմիութիւնը մտադիր է շարք մը երկիրներու հետ բանակցիլ մատակարարումներու ծաւալները աւելցնելու շուրջ: Անցեալ շաբաթ Ատրպէյճանը պատրաստակամութիւն յայտնած էր մեծցնելու կազամատակարարման ծաւալները, եթէ Ռուսաստանի հետ լարուածութիւնը խորանայ: