Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքական հարցերով բարձր ներկայացուցիչը առաջարկած է եւս երկու տարիով երկարաձգել Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքակացիական առաքելութեան տեղակայումը, «Ազատութեան» յայտնած են բարձր ներկայացուցիչի մամուլի գրասենեակէն։
«Անդամ երկիրները ողջունած են առաջարկը եւ այս պահուն կը քննարկեն անհրաժեշտ օրինական ուղիները՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի համապատասխան մարմիններու հետ։ Խորհուրդի որոշումը երկարաձգման շուրջ յստակ կը դառնայ յառաջիկայ օրերուն»,- նշուած է «Ազատութեան» տրամադրուած գրաւոր պատասխանին մէջ։
Պաքուն ամիսներ շարունակ առաքելութիւնը կը մեղադրէ լրտեսութեան եւ տարածաշրջանի կայունութիւնը խախտելու մէջ։
Բարձր ներկայացացիչի գրասենեակէն այս մեղադրանքներուն ի պատասխան ըսած են. «Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան առաքելութեան մանթատը շատ յստակ է՝ դիտարկել եւ զեկուցել՝ հողի վրայ Հայաստանի կողմէ հայ - ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակի մասին եւ նպաստել հայ - ատրպէյճանական կարգաւորման հարցով Եւրոմիութեան ջանքերուն: Դիտորդական առաքելութեան տեղակայումէն ի վեր զինուած միջադէպերու թիւը սահմանամերձ տարածքներուն մէջ զգալիօրէն նուազած է։ Ինչպէս յայտնի է, Եւրոպական Միութիւնը Ատրպէյճանը պարբերաբար կը տեղեկացնէ առաքելութեան գործունէութեան մասին»։
Յիշեցնենք, որ 2023-ի փետրուարին Հայաստան ժամանեցին նախ 100 քաղաքացիական դիտորդներ, ապա ամիսներ անց անոնց թիւը կրկնապատկուեցաւ։
Պաքուն կը պահանջէ դադրեցնել Եւրոպական Միութեան առաքելութեան գործունէութիւնը սահմանին: Նոյեմբեր 22-ին Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին Նիկոլ Փաշինեանը հաստատեց, որ այդ կէտը Պաքուի հետ իսկապէս կը քննարկուի, եւ որ հայկական կողմն Ատրպէյճանին հանդիպակաց առաջարկած է Եւրոպական Միութեան դիտորդները հեռացնել սահմանազատուած հատուածներէն։