image

Եկեղեցին կարեւորագոյն օղակ. Տ. Նարեկ եպս.

Եկեղեցին կարեւորագոյն օղակ. Տ. Նարեկ եպս.

Օրերս «Հայերն այսօր» կայքը զրուցած է Պրազիլիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ՝  Հոգշ  Տ.  Նարեկ Եպիսկոպոս Պէրպէրեանի հետ։ 

Հարցազրոյցին մէջ  հայկական  գաղութին մասին խօսելէն բացի Տ. Նարեկ Սրբազան իր խօսքին մէջ շեշտը դրած է Պրազիլիոյ  եւ առհասարակ Սփիւռքի մէջ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ունեցած դերին ու կարեւորութեան, յայտարարելով, որ  «Եկեղեցին կարեւոր օղակ է սփիւռքի մէջ»։

 Ստորեւ  հատուած մը Տ. Նարեկ  Սրբազանին հետ եղած  հարցազրոյցէն։

 - Որո՞նք են տեղի հայերուն մտահոգող հիմնական հարցերը։ 

Պրազիլիոյ մէջ գործող Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մեր թեմը ամբողջապէս ներգրաւուած է ժողովուրդի կեանքին մէջ: Մենք կը կազմակերպենք տարբեր միջոցառումներ, զրոյցներ, կը   փորձենք ընտանիքները իրարու հետ ծանօթացնել՝ նպատակ հետապնդելով  ուժեղացնել եւ արմատացնել տեղւոյն հայ համայնքը: Նախ նշեմ, որ թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցին Սան Փաուլօ գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին է, որ կառուցուած է 1948-ին, ուրիշ եկեղեցի ալ ունինք, որ կը գտնուի Օզասքօ քաղաքը՝ կառուցուած է 1935-ին: Այս երկու եկեղեցիները ամբողջապէս լծուած են ծառայելու տեղւոյն հայ ժողովուրդին: Թեմի հոգեւորականներս պարբերաբար այցելութիւններ կը կատարենք հայ ընտանիքներուն, մշտական կապի մէջ ենք գրեթէ բոլորին հետ: Անշուշտ հաւատացեալներէն շատերը բազմաթիւ խորհուրդներով մեզ կը դիմեն՝ ակնկալելով ստանալ որեւէ հոգեբանական տեսակի օգնութիւն:

Փառք Աստծոյ, որ սիրոյ մթնոլորտ ձեւաւորուած է համայնքին մէջ եւ կրնանք ամուր պահել եկեղեցի-հաւատացեալ կապը: Մէկ բան պէտք է իմանանք, որ եկեղեցին սփիւռքի մէջ կարեւոր օղակ է, որովհետեւ անոր միջոցով օտարութեան մէջ ապրող հայը կը մնայ հայ, եւ այն սէրն ու նուիրումը, որ կը տեսնենք անոնց աչքերուն մէջ դէպի Մայր Հայրենիք՝ յուզիչ է եւ պարտաւորեցնող: