Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ հեռախօսազրոյցին յայտարարած է Լիբանանի եւ Կազայի հատուածին մէջ կրակի դադրեցման անհրաժեշտութեան մասին, յայտնած է BFMTV-ն:
Համաձյան Էլիզեան պալատի հաղորդագրութեան՝ Մաքրոն Նաթանիահուին ըսած է, որ «եկած է կրակը դադրեցնելու ժամանակը»:
Ընդ որում՝ քաղաքական գործիչներն ընդունած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներու նկատմամբ տարաձայնութիւններու առկայութիւնը:
Համաձայն Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակի՝ Նաթանիահուն Ֆրանսայի նախագահի հետ զրոյցին ըսած է, որ իր երկրի նկատմամբ զէնքի մատակարարման արգելքը «միայն կը զօրացնէ «չարի առանցքը»՝ Իրանի գլխաւորութեամբ»:
Անոր խօսքով՝ Իսրայէլը դաշնակիցներէն կ՚ակնկալէ, որ անոնք իրեն պիտի աջակցին, այլ ոչ թէ սահմանափակումներ պիտի կիրառեն:
Յիշեցնենք՝ հոկտեմբեր 5-ին Մաքրոնը դաշնակիցներուն կոչ ըրած էր Իսրայէլին չտրամադրել զէնք, որ ՑԱՀԱԼ-ը կրնայ օգտագործել Կազայի հատուածին մէջ, յիշեցուցած, որ Ֆրանսան Իսրայէլին զէնք չի մատակարարեր։
«Կը կարծեմ՝ մեր առաջնահերթութիւնը քաղաքական կարգաւորման վերադառնալն է»,-ըսած էր Ֆրանսայի նախագահը։