Օրերս Գահիրէի մէջ ՀՀ դեսպան Հրաչեայ Փօլատեան հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի կուսակցութիւններու երիտասարդաց միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ քաղաքական գործիչներու համակարգող յանձնաժողովի պատուիրակութեան հետ, ուր անդրադարձած եղած է երկու երկիրներու պատմական յարաբերութիւններուն նաեւ խորհրդարաններուն եւ համակարգող յանձնաժողովի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութեան:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Գահիրէի Հայ Դատի յանձնախումբի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է.-
Կուսակցութիւններու երիտասարդացի եւ քաղաքական գործիչներու համակարգող յանձնաժողովի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Գահիրէի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Հրաչեայ Արշակ Փօլատեանի հետ։
Հանդիպման ընթացքին պատուիրակութիւնը անդրադարձած է Գահիրէի եւ Երեւանի պատմական խոր յարաբերութիւններուն, նաեւ երկու երկիրներու միջեւ բոլոր մակարդակներու վրայ առկայ մեծ համագործակցութեան։
Իր հերթին դեսպան Փօլատեան վեր առած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթահ Ալ Սիսիի Հայաստան կատարած այցը այս տարուան սկզբնաւորութեան, այն համարելով պատմական, եւ որ այցը երկու երկիրների միջեւ համագործակցութեան բազմաթիւ դռներ բացած է տարբեր ոլորտներու մէջ։
Հայաստանի դեսպանը նաեւ աւելցուցած է, որ իր երկրին մէջ երիտասարդները այժմ մեծամասնութիւն կը ներկայացնեն խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ, ընդգծելով երկու երկիրներու խորհրդարաններու եւ համակարգող յանձնաժողովի յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը։
Երկու կողմերը շեշտած են, որ աւելի ջանքեր պէտք է գործադրել երկու երկիրներու համագործակցութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ, բարձր գնահատելով հայ համայնքի դերը Եգիպտոսի պատմութեան մէջ, յատկապէս քաղաքական եւ մշակութային առումներով։
Համակարգող յանձնաժողովի պատուիրակութիւնը նաեւ անդրադարձած է Եգիպտոսի մէջ երիտասարդութեան եւ կանանց նուաճումներու հզօրացման, ցանկութիւն յայտնելով աւելի համատեղ գործակցութիւն Եգիպտոսի եւ Հայաստանի միջեւ զանազան ոլորտներու մէջ:
Հանդիպման աւարտին պատուիրակութիւնը Հայաստանի դեսպանին յանձնած է յանձնաժողովի մետալը՝ ի գնահատանք երկու երկիրներու խոր յարաբերութեանց:
Համակարգող յանձնաժողովի պատուիրակութեան մաս կազմած են խորհրդարանի երեսփոխան Թարէք Ալ Խուլի, համակարգող յանձնաժողովի անդամներ Եուսեֆ Ալ Աուալ, Ահմէտ Մասաատ եւ Մոաաթազ Ապտալլա: