image
Հրատապ լուրեր:

Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանը ցաւակցութիւն յայտնած է Գահիրէի եկեղեցւոյ հրդեհի առնչութեամբ

Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանը ցաւակցութիւն յայտնած է Գահիրէի եկեղեցւոյ հրդեհի առնչութեամբ

Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Հրաչեայ Փօլատեան ցաւակցութիւն յայտնած է Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ ղեկավար Թաւատրոս 2-ին՝ Գահիրէի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած հրդեհի առնչութեամբ։

«Անկեղծ ցաւակցութիւն եմ յայտնում Եգիպտոսի ժողովրդին, յատկապէս ղպտի եղբայրներին, որոնք տուժել են Իմպապայում տեղի ունեցած հրդեհի հետեւանքով։ Տասնեակ անմեղ մարդիկ են զոհուել: Մաղթում եմ շուտափոյթ ապաքինում բոլոր տուժածներին»,- նշած է Փօլատեան:

Յիշեցնենք, որ Գահիրէի «Ալ Ճիզա» շրջանի «Ապի Սայֆէյն» եկեղեցիին մէջ Սուրբ Պատարագի ժամանակ մեծ հրդեհ մը ծագած է՝ ելեկտրական հոսանքի միացման անսարքութեան հետեւանքով: Հրդեհի պատճառով ալ զոհուած են 41 անձեր, մինչ տարբեր մակարդակի այրուածքներով հիւանդանոց տարուած են 45 ուրիշներ։