Հանրայայտ ռուս եւ իսրայէլցի պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը, որ կը գտնուի Հայաստան, այցելած է Եղեգիս գիւղին մէջ գտնուող հնագոյն հրէական գերեզմանոց, որու հարեւանութեամբ նաեւ ատրպէյճանական գերեզման տեղակայուած է:
«Եղեգիս գիւղը չափազանց գեղատեսիլ է, եւ այն շրջապատող ազդեցիկ լեռները հզօր տպաւորութիւն կը ձգեն: Գիւղին մէջ պահպանուած է Հայաստանի միակ հնագոյն հրէական գերեզմանատունը: Այն այդքան ալ հեշտ չէ գտնել. այն գիւղի ծայրը կը գտնուի եւ գետի միւս ափին է, ուր կարելի է հասնիլ գունագեղ, երերուն կամուրջով, որմով ալ հրէական գերեզմանատունը բաժանուած է ատրպէյճանականէն», - գրած է Լափշին իր պլոկին մէջ:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ խորհրդային տարիներուն այստեղ հայեր եւ ատրպէյճանցիներ ապրած են, սակայն ղարաբաղեան հակամարտութեան բռնկումէն ետք ատրպէյճանցիները հեռացած են Հայաստանէն, ինչպէս եւ հայերը՝ Ատրպէյճանէն:
«Պէտք է ըսեմ, որ հաճելիօրէն զարմացած եմ այն փաստով, որ հայերը ձեռք չեն տուած գերեզմանատան: Չկայ ոչ մէկ քանդուած գերեզման, որեւէ վայրաքութեան նշան», - շեշտած է պլոկըրը:
Անոր խօսքով՝ հրէական գերեզմանատունը աւելի հին պատմութիւն ունի: Եղեգիսի ամենանոր հրէական գերեզմանները թուագրուած են 1346 թուականին: Ինչպէս ան նշած է, յայտնի չէ, թէ ինչպէս հրէաները յայտնուած են այստեղ եւ ինչպէս անհետացած: