ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Հիւսիսային Մաքետոնիայի արտաքին գործոց նախարար Պուճար Օսմանին ապրիլ 10-13-ը տարածաշրջանային այցով պիտի ժամանէ Հարաւային Կովկաս: ԱՆ սկիզբը պիտի այցելէ Վրաստան, այնուհետ՝ Ատրպէյճան եւ Հայաստան։
ԵԱՀԿ-ն Օսմանիի այցի մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է՝ նշելով, որ վերջինս հանդիպումներ պիտի ունենայ երեք երկիրներու պաշտօնեաներու, խորհրդարանականներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ։
«Այցը նպատակաուղղուած է Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ ԵԱՀԿ համագործակցութեան ամրապնդման, անվտանգութեան առկայ մարտահրաւէրներու լուծման եւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ երկխօսութեան միջոցով խաղաղութեան եւ կայունութեան խթանման»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: