image
Հրատապ լուրեր:

Դժուար ապրուստը Լիբանանցի կանանց. թաքսիի վարորդ, մաքրուհի եւ կամ վարսավիր

Դժուար ապրուստը Լիբանանցի կանանց. թաքսիի  վարորդ,  մաքրուհի եւ  կամ վարսավիր

Լիբանանի տնտեսական դառն պայմաններուն հետեւանքով, երբ արդէն ընտանիքի հօր աշխատավարձքը անբաւարար   դարձած է  լիբանանցի կանայք  ստիպուած  եղած են աւելի մեծ ներուժով նետուիլ կեանքի ասպարէզ։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ արաբական «Սքայ Նիուզ» կայքէն:

Ըստ աղբիւրին, լիբանանցի կիներէն  շատեր, որոնք տնտեսական այս տագնապէն առաջ, բաւարարուած էին  իրենց ամուսիններու  աշխատավարձքով, այսօր ստիպուած են աշխատելու, որովհետեւ լիբանանեան արժոյթի անկումի հետեւանքով, անոնց ընտանիքները յայտնուած են աղքատութեան ու սովի եզրին:

«Աշխատանքը ամօթ չէ, կարեւորը ապրինք» կրկնելով, լիբանանցի կիներ, պատրաստակամութիւն յայտնած են մտնել իրենց համար անսովոր նոր ասպարէզներ՝ ուտեստներ պատրաստել զանազան առիթներու ու հաւաքոյթներու համար, այլոց բնակարանները, որպէս մաքրուհի ծառայել, կամ հիւրասիրութիւն մատուցել մեծ խանութներու բացման արարողութեանց։

Աղբիւրը զրուցած է այս տեսակի աշխատանքներ սկսած քանի մը կանանց  հետ: Օրինակի համար  Լիբանանցի  Սուհա կ'աշխատի որպէս մաքրուհի։ Ան երեսուն տարեկան է ու մայր՝ երկու զաւակներու. «ամուսինս ճաշարանի մը մէջ կ'աշխատի, աշխատավարձքը չի բաւեր զաւակներուս կերակուրին ու ուսման: Դեռ չըսեմ տան վարձքը ու ելեկտրածին շարժիչի ծախսը եւ դեղերը: Ես երբեք չէի պատկերացներ, որ տունէն դուրս եւ մանաւանդ այս տեսակի գործով  պիտի զբաղէի, բայց հիմա արդէն ընտելացայ»:

Իր հերթին, 40 տաեկան «Ըմ Թարէք»ը  (այդ անունով  ներկայացած է կայքին) ուտեստներ սկսած է պատրաստել իր տան մէջ ու առաքել զանոնք յաճախորդներու: Ան անկարող է խանութ մը վարձել, եւ իր տան հիւրասենեակը վերածած է խոհանոցի: Ան ունի ուսանող յաճախորդներ, որոնց օրական ճաշը ինք կը հայթայթէ: «Ես միշտ համեղ ուտեստներ կը պատրաստէի, բայց չէի մտածած, որ գործի վերածեմ այդ հմտութիւնս»: 

Միւս կողմէ երիտասարդուհի Լարան՝ փակելով իր վարսավիրանոցը, այժմ տունէ տուն ացելելով, գործիքներով լեցուն պայուսակը շալակին, կը վարէ նոյն աշխատանքը:

Եւ ամէնէն հետաքրքիրը յիսունի մօտ «Ըմ Պասսամ»ն է , որ սեփական ինքնաշարժը թաքսիի վերածելով, աշակերտներ կը փոխադրէ դպրոցէն տուն ու հակառակը: «Չորս զաւակ ունիմ, բեռը ծանր է, եւ օր ըստ օրէ կ'աւելնայ»:

Լիբանանցի տանտիկիններ, մոռնալով երբեմնի իրենց բարօր ու բարգաւաճ կեանքը, այսօր իրենց ամուսնոյն հետ ձեռք ձեռքի կը դիմագրաւեն տնտեսական դժուարին պայմանները: