Դաւթաշէն վարչական շրջանի ղեկավար Միքայէլ Թումասեանը կանանց միջազգային օրուան առթիւ ընդունած է Դաւթաշէն բնակող 40 բազմազաւակ, բազմանդամ, սուրիահայ ընտանիքներու մայրերն ու կանայք, շնորհաւորած է անոնց տօնը, բաժանելով նաեւ նուէրներ: Այս մասին կը տեղեկանանք Դաւթաշէն վարչական շրջանի գրասենեակէն: