image

Դաւիթ Գալստեան (յայտնի՝ «Բաթրոն Դաւիթ անունով) ազատ արձակուեցաւ

Դաւիթ Գալստեան (յայտնի՝ «Բաթրոն Դաւիթ անունով)  ազատ արձակուեցաւ

Զէնքի վաճառքով զբաղող Դաւիթ Գալստեանը` «Բաթրոն Դաւիթ»ը ազատ արձակուեցաւ 50 միլիոն դրամ գրաւով:

Գալստեան կ'անցնի ԱԱԾ-ի մէջ յարուցուած ոչ-պիտանի հռիթներու գործով ու կը մեղադրուի շուրջ 4,7 միլիոն տոլար յափշտակելու եւ կեղծիքներ, հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու համար:

Նշենք, որ այդ գործով կալանաւորուած են նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն ու Գլխաւոր շտաբի պետի նախկին տեղակալ Ստեփան Գալստեանը եւ Աւետիք Մուրատեանը:

Նշենք, որ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը եւ Հայաստանին զէնք մատակարարող «Բաթրոն Դաւօ» ծածկանունով յայտնի Դաւիթ Գալստեանը կը մեղադրուին պետութենէն շուրջ 2 միլիառ դրամ յափշտակելու, կեղծիքներ ու հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու մէջ:

Անոնք իրենց առաջադրուած մեղադրանքները չեն ընդունիր: Ըստ տեղեկութիւններու` Դաւիթ Տօնոյեան հրաժարած է նաեւ ցուցմունք տալ: