Օրերս հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի ՀՅԴ ընտանիքի նուիրեալ անդամներէն Յարութ Տալտալեան ծանօթ՝ «Պէրպէր Յարութ» անունով։
Հանգուցեալը երկար տարիներ ներգրաւուած եղած է Լիբանանի հայկական համայնքի պաշտպանութեան գործին մէջ։
Ստանձնելով կազմակերպական տարբեր մակարդակի պատասխանատւութիւններ ՝«Պէրպէր Յարութ» կարողացած է դառնալ վստահութիւն ներշնչող պատասխանատու, եւ շնորհիւ իր բարեացակամ մօտեցումներուն դարձած է ընկերները քով-քովի բերող ու տարբեր մակարդակի տարակարծութիւններ հարթող գործիչ։
Կը խոնարհինք անոր յիշատակին եւ ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ շրջանի հրապարակած մահագրականը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիւսիսային Սիտնիի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան փաղանգի անզուգական նուիրեալ անդամ՝ Ընկեր Յարութ Տալտալեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի 26 Օգոստոս 2025 -ին:
Ընկեր Յարութի կեանքը` Դաշնակցութեան, Լիբանանահայ եւ Աւստրալահայ գաղութին համար եղաւ համակ նուիրում ու զոհողութիւն: Ընկեր Յարութ իր բծախնդիր աշխատանքով եւ անշահախնդիր նուիրումով պիտի մնայ իր սերնդակիցներու եւ գործընկերներու յիշողութեան մէջ։
Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի 2 Սեպտեմբեր 2025-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Թաղման կարգը պիտի կատարուի Field of Mars գերեզմանատան մէջ (Quarry Rd, Ryde NSW 2112) , որուն պիտի յաջորդէ հոգեսուրճ Արարատ Սկաուտական սրահէն ներս: