ՀՀ Գլխաւոր դատախազութիւնը բողոք ներկայացուցած է Վճռաբեկ դատարան՝ պահանջելով կալանաւորել զօրավար-մայոր Գրիգորի Խաչատուրովը։
Տեղեկութիւնը յայտնած են Գլխաւոր դատախազութենէն։
Նշենք, որ Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի հրամանատարի պաշտօնը զբաղցուցած Գրիգորի Խաչատուրովը կալանաւորուած էր։
Վերաքննիչ հակակոռուպցիոն դատարանը՝ դատաւոր Արմէն Յովհաննիսեանի նախագահութեամբ, սակայն, մասնակի բաւարարած է Գրիգորի Խաչատուրովի կալանաւորման ժամկէտը երկարցնելու որոշման դէմ բողոքը՝ անոր նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը փոխարինելով վարչական հսկողութեամբ եւ գրաւով՝ 20 միլիոն դրամի չափով։
Ըստ դատախազութեան՝ քրէական հետապնդումը յարուցուած է պաշտօնէական դիրքի օգտագործմամբ յանցաւոր ճանապարհով ձեռք բերուած առանձնապէս խոշոր չափերով անշարժ գոյքն օրինականացնելու՝ փողերու լուացման համար։