image

Դաշնակցական յարգուած պատմաբան՝ Երուանդ Փամպուքեանէն 2 նոր հատորներ

Դաշնակցական յարգուած պատմաբան՝ Երուանդ Փամպուքեանէն 2  նոր հատորներ

Պէյրութի մէջ, օրերս տեղի ունեցած է պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած «ՀՅ Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան» եւ «Ազգային հերոս Անդրանիկի անտիպ նամակները» հատորներուն շնորհահանդէսը:

Այս մասին կը կարդանք՝ «Ազդակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երէկ` երկուշաբթի, 8 յուլիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած «ՀՅ Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան» եւ «Ազգային հերոս Անդրանիկի անտիպ նամակները» հատորներուն շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

Բացման խօսքը արտասանեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ճորճ Գրիգորեան: Տիգրան Ճինպաշեան ներկայացուց զոյգ հատորները: Խօսք առին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ հատորներու խմբագիր պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:

Ձեռնարկին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք հետագային: