Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի աշակերտներ, վարժարանի սնունդի բարելաւման ծրագիրի շրջածիրէն ներս ունկնդրած են առողջ սնունդի եւ սննդային տեսակներու վերաբերեալ շարք մը դասախօսութիւններ:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Մեսրոպեան Վարժարանի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը`
Մեր աշակերտներուն համար սնունդի բարելաւման ծրագիրի շրջանակին մէջ, պարոն Շարպէլ չորրորդ դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց առողջ սնունդի եւ սննդային տեսակներու վերաբերեալ շարք մը դասախօսութիւններ:
Ուսուցիչը կեդրոնացաւ լաւորակ սնունդի ընտրութեան հայեցակարգին եւ ֆիզիքական աճի ու հոգեկան բարեկեցութեան մէջ անոր ունեցած կարեւոր ազդեցութեան ամրապնդման վրայ:
Մեսրոպեանի մէջ, խորհրդատուական այս միջոցառումները տեղի է կ՛ունենան «Առողջ սերունդներ» կազմակերպութեան հետ համագործակցաբար, ի աջակցութիւն դպրոցի առաքելութեան` դաստիարակել առողջ ապրելակերպի հետեւող գիտակից սերունդ:

