image

Քաղաքապետական ընտրութիւններ Փարիզի եւ Ֆրանսայի այլ խոշոր քաղաքներու մէջ

Քաղաքապետական ընտրութիւններ Փարիզի եւ Ֆրանսայի այլ խոշոր քաղաքներու մէջ

Այսօր Ֆրանսայի մէջ մեկնարկած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, որոնց շրջածիրէն ներս քաղաքացիները կ՚ընտրեն քաղաքապետեր եւ քաղաքային խորհուրդներու անդամներ Փարիզի եւ երկրի միւս քաղաքներու մէջ։ Քաղաքական ուժերը այս ընտրութիւնները կը դիտեն որպէս կարեւոր քաղաքական փորձութիւն՝ 2027 թուականի նախագահական ընտրութիւններէն առաջ։

Մարտ 15-ին եւ 22-ին ֆրանսացիները պիտի ընտրեն թէ՛ քաղաքապետերը, թէ՛ քաղաքային խորհուրդներու անդամները։ Այս տարուընէ սկսեալ՝ մեծ թէ փոքր քաղաքներու մէջ քուէարկութիւնը կը կատարուի համամասնական համակարգով։ Ամենաշատ ձայներ ստացած ցանկը կը ստանայ նաեւ լրացուցիչ տեղերու պարգեւ քաղաքային խորհուրդին մէջ։

 

Միեւնոյն ժամանակ ընտրական համակարգը բաւական բարդ է, յատկապէս ընտրական ցանկերու կազմութեան հարցով,  գրած է BBC-ն։ Որոշ փոքր քաղաքներու մէջ ներկայացուած է միայն մէկ ընտրական ցանկ, մինչդեռ այլ համայնքներու մէջ թեկնածուները նախ անհատապէս կ՚առաջադրուին, ապա կը միաւորուին մէջ ընդհանուր ցուցակի մէջ։

Որպէսզի որեւէ ցուցակ անցնի ընտրութիւններու երկրորդ փուլ, այն պէտք է ստանայ ձայներու առնուազն 10 առ հարիւրը։ Իսկ 5-էն 10 առ հարիւր ձայն ստացած ցանկերու թեկնածուները կրնան փոխադարձ համաձայնութեամբ միանալ այլ ցուցակներու։

Քաղաքային խորհուրդները, եւ հետեւաբար նաեւ քաղաքապետերը, կ՚ընտրուին վեց տարուան ժամկէտով։

Թէեւ այս ընտրութիւնները անմիջական ազդեցութիւն չունին նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ, սակայն կրնան ազդել քաղաքական ուժերու դիրքերուն եւ հանրային աջակցութեան վրայ։

 

Մասնաւորաբար խոշոր քաղաքներու մէջ յաղթանակը կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն կը տրամադրէ կարեւոր քաղաքական հարթակ։ Փարիզի կամ Մարսէյի քաղաքապետի պաշտօնը մշտապէս կը գտնուի հանրային եւ քաղաքական ուշադրութեան կեդրոն։

Միեւնոյն ժամանակ կարեւոր դեր ունին նաեւ փոքր եւ միջին քաղաքները։ Օրինակ՝ «Ազգային միաւորում» կուսակցութիւնը կը փորձէ ամրապնդել իր դիրքերը Ֆրանսայի հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ, ուր ծայրայեղ աջ քաղաքական ուժերը վերջին տարիներուն աւելի մեծ աջակցութիւն ստացած են։

 

Բացի այդ, ընտրութիւններու առաջին եւ երկրորդ փուլերուն միջեւ ինկած ժամանակահատուածը կրնայ ցոյց տալ, թէ որքանով հնարաւոր են քաղաքական դաշինքներ տարբեր ուժերու միջեւ։ Մասնաւորաբար ուշադրութեան կեդրոն է այն հարցը, թէ արդեօք սոցիալիստները եւ ծայրայեղ ձախ «Անզուսպ Ֆրանսա» կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ աջ եւ ծայրայեղ աջ ուժերը կրնան համագործակցիլ որոշ քաղաքներու մէջ։

 

Վերլուծաբաններու գնահատմամբ՝ այս ընտրութիւններու արդիւնքները կրնան ազդակ դառնալ Ֆրանսայի քաղաքական ուժերուն համար՝ 2027 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ։