«Արաս» հրատարակչատունը երկու նոր գիրք կը դնէ ընթերցասէր հասարակութեան գրասեղանին վրայ։ Առաջինը հայերէնով մանկական պատկերագիրք մըն է՝ Անի Կարմիրեանի «Կախարդական ցուցափեղկը», երկրորդը՝ Սոնա Մարգարեան-Թնկըրեանի «Մարուքեաններ»ը, որ լոյս տեսած է թրքերէնով։
«Կախարդական ցուցափեղկը» տպագրուած է 2025 թուականի Դեկտեմբերին։ Պատմուածքը կը ներկայացնէ ժամանակակից մանկական գրականութեան զգայուն եւ ստեղծագործ օրինակ մը, որ հաճելի ընթերցանութիւն կը խոստանայ ո՛չ միայն երախաներուն, այլ նաեւ մեծահասակ ընթերցողներուն։ Պատմութիւնը կը զարգանայ «Բուրաստան» խաղալիքի խանութին մէջ, ուր կը բնակին անսովոր կերպարներ։ Դեղին փիղը՝ Փիլա Հաթին, պարզ խաղալիք մը չէ, այլ Հնդկաստանէն եկած իշխանուհի մը, որ կարօտով կը յիշէ իր հեռաւոր տունը։ Ընթերցանութեան առանցքը կը կազմէ երեխայի եւ փիղին միջեւ ծնունդ առած նուրբ բարեկամութիւնը, որ կը զարգանայ ցուցափեղկին երկու կողմերէն։ Պատմուածքը կը շեշտէ երեւակայութեան ուժը, կարօտը եւ կապը՝ հեռու մնալով խրատական բնոյթով մօտեցումներէն։
Գիրքի զգացական մթնոլորտը կը հարստացնեն Մարալ Քերովբեանի գունաւոր եւ ջերմ նկարազարդումները, իսկ գեղարուեստական ձեւաւորումը իրականացած է Մէլիսա Արսէնեանի կողմէ։
Հեղինակը Անի Կարմիրեան, լեզուաբան եւ համալսարանի դասախօս է։ Ան աշխատած է Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ, իսկ ներկայիս կը բնակի Փորթուկալ, ուր 2014էն ի վեր կը ղեկավարէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժնի արեւմտահայերէն լեզուի զարգացման եւ դպրոցներու օժանդակութեան ծրագիրները։
Երկրորդ գիրքը լոյս տեսած է «Պոլսահայ կին գրողներ» մատենաշարէն։ Սոնա Տէր Մարգարեան-Թընկըրեանի «Մարուքեաններ» վէպը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1968 թուականին, մաս կազմելով հեղինակի «Կեանքին հետ» ժողովածուին։ Երկար դադարէ մը ետք, ահաւասիկ, հիմա որպէս անջատ ստեղծագործութիւն մը կը յանձնուի ընթերցողներու դատին։ Այս վէպը Սոնա Տէր Մարգարեան-Թընկըրեանի ստեղծագործական կեանքի ամենախորքային ու հասուն գործերէն մէկը կը նկատուի։ Թընկըրեան, որ 1940-ական թուականներէն սկսեալ ճանաչում ձեռք բերած էր իր պատմուածքներով եւ թատերական գործերով, այս վէպին մէջ կը ներկայացնէ իր անձնական փորձառութիւնները, առանց գաղափարախօսական կաղապարներու մէջ սեղմելու զանոնք։ Առօրեայի սովորական հոսքին մէջ թաքնուած ներքին բախումները, զգացական վերիվայրումներն ու ճնշիչ լարուածութիւնը կը փոխանցուին նուրբ լեզուով եւ հոգեբանական խորունկ դիտարկումներով։
«Մարուքեաններ»ը երեւան կը հանէ ժամանակակից քաղաքային կեանքի ճնշումներուն տակ ձեւաւորուած ամուսնութեան մը ծալքերը՝ երկու ամուսիններու տարբեր ներաշխարհներուն ընդմէջէն։ Վէպի հերոսուհին, դաշնակահարուհի Թենի Մարուքեան մայրութեան հարցով կ'առերեսուի ինքզինքին հետ, մինչդեռ ամուսինը՝ Վազգէն Մարուքեան, աստիճանաբար կը մեկուսանայ սիրով եւ ըմբռնումով պահպանել փորձած ամուսնութեան մէջ։ Թընկըրեան ամուսնութեան, հաւատարմութեան եւ ցանկութեան նման զգայուն ոլորտները կը քննարկէ առանց դատապարտող կամ քննադատական մօտեցումի։ Գրքին մէջ արուեստագէտ հերոսուհիի նրբազգածութիւնը, զգացումներու պատումներն ու հասարակութեան ակնկալութիւնները իրարու հետ դէմ յանդիման կը մնան ազդեցիկ պատկերներով։
Սոնա Տէր Մարգարեան Թընկըրեան ծնած է Սամաթիոյ մէջ, ուսում առած է Սահակեան Նունեան, Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Պետական երաժշտանոցէն վկայուելէ ետք սկսած է դասաւանդել հայկական վարժարաններու մէջ, վարելով նաեւ վարչական պաշտօններ։ 1948ին միացած է «Արփի» թատերախումբին եւ բեմ ելած է իր գրած «Քարէ պուպրիկը» անուն ներկայացման մէջ, որպէս գլխաւոր դերակատար։ Իր պատմուածքներն ու վիպակները լոյս տեսած են «Կեանքի մէջէն» եւ «Կեանքի հետ» հատորներուն մէջ։ Կեանքի վերջին տարիները անցուցած է Ամերիկայի մէջ։ Մահացած է 1986ին։