image

ԱՄՆ վարչակազմի՝ Մոսկուա այցելութեան հեռանկարներ դեռ չկան. Փեսքով

ԱՄՆ վարչակազմի՝ Մոսկուա այցելութեան հեռանկարներ դեռ չկան. Փեսքով

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ ԱՄՆ վարչակազմի պաշտօնեաներու, ներառեալ ԱՄՆ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիւ Ուիթքոֆի՝ Մոսկուա այցելութիւնը ներկայիս չի նախապատրաստուիր։

Այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն՝ մէջբերելով Քրեմլինի խօսնակին յայտարարութիւնը։

«Ո՛չ, տակաւին իրական ծրագիրներ չկան»,- ըսած է Փեսքով՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք կայ ամերիկացի պաշտօնեաներու, ներառեալ Ուիթքոֆի, Ռուսիա այցելելու իրատեսական հեռանկար։

Մեկնաբանելով ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնը, թէ ինք պատրաստ է իր ներկայացուցիչները Մոսկուա ուղարկելու՝ Փեսքով նշած է, որ Թրամփ պարզապէս կը խօսի պատրաստակամութեան մասին։