image
Հրատապ լուրեր:

Դամասկոս Անգարային կոչ ըրած է աւելի լուրջ վերաբերելու ստանձնած պարտաւորութիւններուն

Դամասկոս Անգարային կոչ ըրած է աւելի լուրջ վերաբերելու ստանձնած պարտաւորութիւններուն

Սուրիան Աստանայի գործընթացը (Ռուսիոյ Դաշնութեան, Իրանի եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ) կենսունակ կը համարէ, սակայն Անգարային կոչ կ'ընէ «աւելի լրջօրէն» վերաբերելու այդ ձեւաչափով ստանձնած պարտաւորութիւններուն։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆէյսալ Մըքտատը։

«Մեր բարեկամները՝ թէ՛ Ռուսիան, թէ՛ Իրանը, շատ լաւ գիտեն մեր կարիքները։ Անոնք միշտ պաշտպանած են մեր պահանջները։ Իմ կարծիքով՝ անոնք ճիշդ կողմն են, իսկ Սուրիան կ'աջակցի Աստանայի գործընթացին։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ միակ կենսունակ ձեւաչափն է, որու ծիրէն ներս իրական արդիւնքներ ձեռք բերուած են։ Շատ ձեռքբերումներ հնարաւոր դարձած են Աստանայի գործընթացի շնորհիւ»,-ըսած է Միքտատ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովին իր ելոյթին մէջ։  

Ան նշած է, որ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովին ծիրէն ներս որեւէ հանդիպում չէ ունեցած իր թուրք պաշտօնակից Մեւլյութ Չաւուշօղլուի հետ, եւ ներկայիս երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար երկխօսութիւն չկայ։