image

Չինաստանը ունի տեղեկութիւններ, որոնք կրնան լոյս սփռել COVID-19-ի ծագման վրայ. Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւն

Չինաստանը ունի տեղեկութիւններ, որոնք կրնան լոյս սփռել COVID-19-ի ծագման վրայ. Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւն

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը վստահութիւն յայտնած է, որ Չինաստանը զգալի տեղեկատւութիւն ունի, որ կրնայ լոյս սփռել COVID-19-ի ծագման վրայ եւ Փեքինէն պահանջած է անյապաղ տարածել համապատասխան տուեալները։ Այս մասին գրած է golosameriki.com-ը:

«Առանց Չինաստանի ունեցած տեղեկատւութեան լիարժէք հասանելիութեան… որեւէ վարկած կարելի է դիտարկել», - Ժընեւի մէջ ըսած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Ատհանոմ Ղեպրէյեսուսը:

«Ուստի մենք կը խնդրենք Չինաստանէն այս հարցով համագործակցիլ»,- ըսած է ան։

Եթէ Փեքինը տրամադրէ բացակայող տուեալները, ըսած է ան, «մենք կիմանանք, թէ ինչ տեղի ունեցած է կամ ինչպէս սկսած է»։

COVID-19-ի ի յայտ գալէն աւելի քան երեք տարի անց, համավարակի ծագումը դեռ թէժ կը վիճարկուի։ Այս հարցը պառակտած է գիտական հանրութիւնը եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան գերատեսչութիւնները:

Ոմանք կը հաւատան այն տեսութեան, որ վիրուսը բնականաբար կենդանիներէ փոխանցուած է մարդոց, իսկ միւսները կ'ենթադրեն, որ վիրուսը արտահոսած է Ուհանի տարրալուծարաններէն, որ Չինաստանը կտրականապէս կը հերքէ: