Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել կը կարծէ, որ Չինաստանի առաջնորդ՝ Սի Ծինփինի այցը Մոսկուա նուազեցուցած է միջուկային պատերազմի մեկնարկի վտանգը, գրած է Financial Times-ը։
«Կարեւոր է, որ այս այցը կը նուազեցնէ միջուկային պատերազմ սկսելու վտանգը, եւ անոնք (Չինաստանի ներկայացուցիչները – խմբ.) այդ շատ ու շատ պարզ հասկցուցին»,- յայտարարած է Պորել` յիշեցնելով ուքրանական ճգնաժամը լուծելու Չինաստանի ծրագիրի մասին, ուր կը նշուի միջուկային զէնքի կիրառման անթույլատրելիութիւնը։
Յիշեցնենք, որ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան ղեկավար վերընտրուելէն յետոյ, Սի Ծինփինի այցելած առաջին երկիրը Ռուսիան է։ Անոր այցը տեւած է երեք օր՝ 20-էն 22 մարտ։ Առաջին օրը Չինաստանի ղեկավարն ու ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցած են։ 21 մարտին, Քրեմլինի Մեծ պալատին մէջ երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են ընդլայնուած կազմով։ Հանդիպումէն յետոյ Սի եւ Փութին ստորագրած են յայտարարութիւն տնտեսական համագործակցութեան ծրագիրներու եւ գործընկերութեան խորացման ծրագիրներու մասին: