image

«Չեմ գիտեր ինչով զբաղուած է Լիլիթ Մակունցը» Յարութ Սասունեանի դիտարկումը

«Չեմ  գիտեր ինչով զբաղուած է Լիլիթ Մակունցը» Յարութ Սասունեանի  դիտարկումը

 

«168 Ժամ» կայքէն  կը կարդանք՝

 Ինչո՞վ զբաղած է Միացեալ Նահանգներու մօտ ՀՀ նորանշանակ դեսպանը. այս հարցը իսկապէս հետաքրքիր է՝ հաշուի առնելով այն ինքնավստահութիւնը, որով քաղաքական երեքամեայ կենսագրութիւն ունեցող Լիլիթ Մակունցը ստանձնեց պաշտօնը:

 Նշանակման  օրերուն իսկ Միացեալ Նահանգներու մօտ ՀՀ դեսպանութեան Դիմատետրեան էջին վրայ բացասական մեկնաբանութիւններով անդրադարձած էին տիկին Մակունցի նշանակման: Այսօր արդէն դեսպանութեան էջը սահմանափակած է մեկնաբանութիւններու հնարաւորութիւնը. իսկ դեսպանի 2 Օգոստոսին մեկնարկած գործունէութեան մասին քանի մը հրապարակումներ տեղադրուած են միայն՝ Միացեալ Նահանգներու մօտ ՀՀ դեսպան՝ Լիլիթ Մակունցը ընդունեց մշակութային փոխանակման ծրագրի ծիրէն ներս Միացեալ Նահանգներու մէջ համերգաշարով հանդէս եկող հայ պատանի կատարողները, հեռավար հանդիպում ունեցաւ Քոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ՝ քոնկրէսական Ճաքի Սփիրի հետ, հեռավար հանդիպում ունեցաւ Քոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ՝ քոնկրէսական Ֆրանք Փալոնի հետ, հանդիպում Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն՝ Ճոն Ալըլոյի հետ:

 Ինչ խօսք, որ տարօրինակ է գործունէութեան այս սահմանափակ շրջանակը, եւ աւելի տարօրինակ է, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ազդեցիկ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման մասին որեւէ ծանուցում չկայ ցայսօր, փոխարէնը՝ կը տեղեկանանք, որ նոյն օրերուն Միացեալ Նահանգներու մօտ Ատրպէյճանի դեսպան նշանակուած անձը անցած է աշխոյժ գործունէութեան՝ նախաձեռնելով տասնեակ հանդիպումներ Ուաշինկթընի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու եւ այլ գործիչներու հետ:

 

Դեսպան տիկին Մակունց այս ընթացքին ինչո՞վ արժանաւորած է իր գործունէութիւնը՝ հարցին պատասխանը որոշեցինք լսել ամերիկահայ հասարակական աքթիվիսթ, «Քալիֆորնիոյ Քուրիըր» (The California Courier) թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ հրատարակիչ՝ Յարութ Սասունեանէն: Ի պատասխան՝ ան նշեց.

 «Լիլիթ Մակունցը, մօտ մէկուկէս ամիսէ ի վեր կը գտնուի Ուաշինկթըն, բայց այդ ժամանակամիջոցին ոչինչ տեսած եմ, որ ըրած է, չեմ գիտեր՝ ինչով կը զբաղի՞ եւ չեմ ալ զարմանար, որ որեւէ մէկ գործունէութիւն չի ծաւալեր, որովհետեւ ան դիւանագիտական աշխատանքներու այդ փորձառութիւնը չունի: Նաեւ շատ կը զարմանամ, որ 30 տարուայ մէջ, երբ Ուաշինկթընի մօտ դեսպանները կը փոխուէին եւ երբ նոր դեսպանը կը հասնէր իր պաշտօնին, կը հրաւիրէին համայնքի ներկայացուցիչները, ղեկավարները, բայց այս պարագային ես տեղեակ չեմ եւ հաւանաբար տեղեակ կ'ըլլայի եթէ այդպիսի միջոցառում կազմակերպուեր, եւ համայնքի անդամները հրաւիրուէին Ուաշինկթըն:

 Իսկ աւելի զարմանալին (այս մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ հրապարակուած) այն է, որ քանի մը շաբաթ առաջ տեղեկութիւն տարածուեցաւ, թէ Լիլիթ Մակունցը պիտի գայ Լոս Անճելըս, որպէսզի Լոս Անճելըս հայաշատ շրջանի անդամներուն հետ ծանօթանայ:

 

Այդ առիթով կազմակերպած էին ճաշկերոյթ եւ նոյնիսկ զանգահարած էին տարբեր մարդոց եւ հրաւիրած այդ միջոցառման, սակայն հրաւէրը ուղարկելէն քանի մը օր ետք կրկին զանգահարած են բոլոր հիւրերուն եւ ըսած, որ շատ կը ներէք, բայց հիւրասիրութիւնը եւ ճաշկերոյթը տեղի պիտի չունենայ, եւ Լիլիթ Մակունցը պիտի չգայ Լոս Անճելըս»:

 

Հարցին, թէ չե՞ն մեկնաբանած ինչո՞ւ, Յարութ Սասունեան պատասխանեց. «Սա շատ արտառոց բան է. որեւէ մէկ բացատրութիւն չկար, սակայն իմ ենթադրութիւնը այն է, որ երբ սկսան հրաւիրել հիւրերը, որպէսզի ներկայ ըլլան այդ ճաշկերոյթին, անոնցմէ մաս մը դժգոհութիւն յայտնեց Լիլիթ Մակունցի նշանակման հիւրասիրութեան վերաբերեալ (որովհետեւ համայնքին մէջ մեծ հակառակութիւն կար այդ նշանակման վերաբերեալ, հաւանաբար հիւրերէն մաս մը արտայայտեց իր դժգոհութիւնը), որոշ մարդիկ ալ հաւանաբար մերժեցին ներկայ գտնուիլ այդ հանդիպման, եւ տեսնելով, թէ այս միջոցառումը կրնայ վերածուիլ խայտառակութեան, որոշեցին չեղեալ ընել զայն»: