Օրերս, Մոնթրէալի մէջ, Սեն-Լորան – Մոն-Ռոյալի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան ատեանի տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունեցաւ մոնթրէալահայ Ճորճ Քօրքէճեանի հիմնած Rozvelt գործակալութեան համար. վերջինս պարգեւատրուեցաւ «Տարուան Լաւագոյն Նոր Գործակալութիւն» (Best New Company of the Year) բարձր մրցանակով։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Հորիզոն»էն:
Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Սեն-Լորան – Մոն-Ռոյալի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան ատեանի (Chambre de commerce et d’industrie de Saint-Laurent – Mont-Royal) տարեկան մրցանակաբաշխութեան, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2025-ին, Մոնթրէալի Le Crystal շքեղ սրահէն ներս, մոնթրէալահայ Ճորճ Քօրքէճեանի Rozvelt գործակալութիւնը արժանացաւ «Տարուան Լաւագոյն Նոր Գործակալութիւն» (Best New Company of the Year) մրցանակին:
Նշեալ գործակալութիւնը, որ հիմնուած է 2024-ին, կը հանդիսանայ առաջին գործակալութիւնը, որ կ’արտադրէ որսորդական եւ անտառային վայրի կենդանիներու լուսանկարչութեան համար օգտագործուող յատուկ դիմակներ, որ կ’արտօնէ լիովին ներշնչել արտաքին օդը, սակայն կը զտէ արտաշնչուած օդը: Մարդ արարածին մարմինը ծածկող եւ անոր սփռած հոտերը զտող տեսակաւոր հանդերձանքներ առկայ են շուկայի վրայ, սակայն շնչառութիւնն ու անկէ արտահանուած հոտերը զտող ոչ մէկ ծածկոյթ արտադրուած էր առ այդ, հակառակ անոր որ մարդկային մարմնին սփռած հոտերուն 80 առ հարիւրը շունչէն կ’արտահանուի. այս բոլոր տուեալները խթան հանդիսացած էին Ճորճ Քօրքէճեանի, որպէսզի հիմնէ իր անձնական գործակալութիւնը եւ արտադրէ նման դէմքի ծածկոյթներ:
Rozvelt գործակալութիւնը 4 տարբեր մրցանակներու աւարտական հանգրուաններուն հասնելէ ետք, յաջողած էր շահիլ «Տարուան Լաւագոյն Նոր Գործակալութիւն» մրցանակը՝ Սեն-Լորան – Մոն-Ռոյալի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան ատեանին կողմէ շնորհուած:
Նշենք, որ Ճորճ Քօրքէճեան ծնած է Մոնթրէալ, յաճախած է եւ շրջանաւարտ դարձած Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանէն եւ Collège Montmorency-էն, համալսարանական ուսումը ստացած է Université de Montréal-ի մէջ, ապա մասնագիտացած է ու արժանացած մագիստրոսական աստիճանի՝ Pharmacoeconomics-ի բաժանմունքէն: 10 տարի նոր գործակալութիւններու խթանման եւ բարգաւաճման խորհրդատուութեան ասպարէզէն ներս զանազան պաշտօններ վարելէ ետք, յատկապէս HEC Montréal համալսարանին մէջ, հիմնած է իր անձնական Rozvelt գործակալութիւնը:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»