«Պոքօ Հարամ» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները փորձած են յարձակում գործել Չատի մայրաքաղաք Նճամենայի մէջ գտնուող նախագահական նստավայրի վրայ, յայտնած է Al Arabiya հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով աղբիւրներուն։
Յարձակման հետեւանքով կայ 19 զոհ, հաղորդուած է վիրաւորներու մասին:
Ըստ աղբիւրի՝ յարձակման պահուն Չատի նախագահ Մահամաթ Իտրիս Տեպին պալատի տարածքին մէջ եղած է։
Ենթակառուցուածքներու նախարար Ազիզ Մահամաթ Սալեհը յայտարարած է, որ իրավիճակը երկրին մէջ վերահսկելի է։ Անվտանգութեան ուժերը լիովին կը վերահսկեն նախագահական պալատի տարածքը: