image

Չարխափան Աստուածամօր սրբանկարին առջեւ.Պոլսոյ մէջ նշուեցաւ Խաչվերացի տօնը

Չարխափան Աստուածամօր սրբանկարին առջեւ.Պոլսոյ մէջ նշուեցաւ  Խաչվերացի տօնը

 Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի Պոլսոյ  բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուած է Խաչվերացի  տաղաւար-տօնը։

Այս առթիւ մեր ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնենք Պոլսոյ Հայոց  Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Մաշալեան Պատրիարքին նախագահութեամբ տեղի ունեցած  արարողութեան մասին  թղթակցութիւնը, որ հրապարակուած է «Ժամանակ» պարբերականին մէջ։

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Խաչվերացի տօնին առթիւ առանձնայատուկ հոգեւոր ապրումներ զգալի դարձան՝ մանաւանդ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց արարողութիւններուն։

Չարխափան Աստուածամօր սրբանկարին առջեւ հաւատացեալները հերթական անգամ իրենց ուխտը կատարեցին՝ հայցելով Բարձրեալի Սուրբ Աջի հովանին։ 

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան Խաչվերացի նախատօնակի օրը Հսկումի արարողութեան նախագահեց Պալաթի եկեղեցւոյ մէջ։ Թէ՛ նախատօնակին եւ թէ բուն տաղաւարի օրը եկեղեցին լեցուեցաւ հաւատացեալներով, որոնք իրենց ուխտը վերանորոգեցին եւ փառք տուին, որ տարի մը եւս հնարաւորութիւն ունեցած էին Չարխափան Ս. Աստուածամօր սրբապատկերին առջեւ խաչակնքելու, իրենց աղօթքը իրականացնելու։ (Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)