image

Պէյրութ. «Ովասիս»ի փոքրիկներուն գեղեցիկ տօնը՝ Աստուածամօր հովանիին ներքեւ

Պէյրութ. «Ովասիս»ի փոքրիկներուն գեղեցիկ տօնը՝ Աստուածամօր հովանիին ներքեւ

Հոգեւոր խորհուրդը, մանկական խանդավառութիւնն ու խաղերու ուրախութիւնը միաձուլուեցան՝ Մեսրոպեան Վարժարանի «Ովասիս» ամառնային ծրագիրը վերածելով Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնի յիշատակելի ու օրհնաբեր տօնախմբութեան։

Ստորեւ  մանուկներով գեղեցկացած հոգեպարար տօնին մասին Մեսրոպեանի կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝

Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2026-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի «Ովասիս» ամառնային ծրագրի փոքրիկները ուրախութեամբ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տօնեցին Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Այս առիթով, Մեսրոպեանի շրջափակը վերածուած էր խաղերու եւ զուարճութեան իսկական աշխարհի։ Յատուկ այս օրուան համար կահաւորուած բազմազան խաղերը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին մասնակիցներուն քով, որոնց միացան նաեւ մանկամսուրի փոքրիկները՝ միասին ապրելով ծիծաղով եւ աշխուժութեամբ լեցուն գեղեցիկ պահեր։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը՝ ձեռամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սահակ Քէշիշեանի եւ Զմմառու Միաբանութեան անդամ Հայր Տիգրան Փիլիպոսեանի:

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը կը յիշատակէ Տիրամօր՝ իր երկրային կեանքի աւարտին մարմնով եւ հոգիով երկինք փոխադրուիլը։ Այս տօնին կապուած խաղողօրհնէքի դարաւոր աւանդութեամբ Աստուծոյ կը մատուցուին բերքի առաջին պտուղները՝ ի նշան որդիական երախտագիտութեան:

Հոգեւոր խորհուրդը, մանկական անմեղ ուրախութիւնն ու ընկերային ջերմ մթնոլորտը միախառնուեցան՝ «Ովասիս»-ի ընտանիքին պարգեւելով անմոռանալի եւ օրհնաբեր օր մը։