Ես վստահ եմ եւ համոզուած, որ արդարադատութիւնն, ի վերջոյ, կը յաղթէ: Այս մասին նախքան «Վարդաշէն» ՔԿ մուտք գործելը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Չարչեանը, որուն կալանաւորելու որոշում կայացուցած է Վերաքննիչ քրէական դատարանը:
Չարչեանը յայտարարած է, որ իրեն կալանաւորելու համար Դատախազութեան ներկայացուցած երկու հիմքն ալ այլեւս գոյութիւն չունի, ուստի իրեն կալանաւորելու որոշումը ապօրինի է:
«Ես այլեւս «Իզմիրլեան» ԲԿ-ում որպէս տնօրէն չեմ աշխատում, պատգամաւոր եմ, որին ապօրինաբար են զրկում ազատութիւնից, իսկ երկորդ հիմքն առ այն, որ ես կարող էի ազդել ցուցմունք տուած անձանց վրայ, ապա ցուցմունքները տրուած են, բայց իրենք ասել են, որ ձայնագրութիւնն են հիմք ընդունելու: Ազդեմ թէ չազդեմ ցումունք տուողի վրայ՝ հիմք չեն ընդունում, հետեւապէս, երկու հիմքն էլ չկայ: Այդ դէպքում ի՞նչ հիմքով է յարգարժան դատաւորն ինձ կալանաւորելու որոշում կայացրել, դիմէք իրեն»,- նշած է Արմէն Չարչեանը:
Պատգամաւորն ըսած է, որ դատարանի նման որոշումը իրեն համար սպասելի էր:
«Ինձ համար սպասելի էր՝ հաշուի առնելով այն, որ, ի սկզբանէ, գործը ոչնչի վրայ էր կառուցուած, եւ այն, որ ես «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ եմ»,-ըսած է Չարչեան: