image
Հրատապ լուրեր:

Բժշկական օգնութեան, սնունդի ու ջուրի կարիք ունին. Կարմիր խաչէն պատմած են Արցախ մնացած հայերու մասին

Բժշկական օգնութեան, սնունդի ու ջուրի կարիք ունին. Կարմիր խաչէն պատմած են Արցախ մնացած հայերու մասին

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրէ անոնց, որոնք մնացած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ տարածաշրջանի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնելէն ետք։ Այդ մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի դաշտային բաժնի տնօրէն Մարթին Շուփը։

Անոր խօսքով՝ մնացածներէն ոմանք բժշկական օգնութեան կարիք ունին, ոմանք՝ սնունդի ու ջուրի։ Շուփը նշած է, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն կը տրամադրէ դեղորայք, կ՚օգնէ կապ հաստատել մտերիմներու հետ, ստանալ բժշկական փոխադրութիւն եւ այլն։

 

«Այսօր փոքրաթիւ մարդիկ կը մնան իրենց տուներուն մէջ կամ այն պատճառով, որ անոնք կը նախընտրեն մնալ այնտեղ, կամ այն պատճառով, որ չեն կրնար ինքնուրոյն հեռանալ, թերեւս այն պատճառով, որ տարեց կամ յաշմանդամ են եւ օգնութեան կարիք ունին», -ըսած է Շուփը:

Հարցին, թէ արդեօք Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն կը համագործակցի Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ, ան յայտարարած է, որ կազմակերպութիւնը կը համագործակցի բոլոր պատկան մարմիններու հետ՝ օգնելու կարիքաւորներուն այնտեղ, ուր կ՚աշխատի։