image

Բոլոր առումներով մենք համակարգումի մէջ ենք Արեւմուտքին հետ. Զելենսքի

Բոլոր առումներով մենք համակարգումի մէջ ենք Արեւմուտքին հետ. Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած է, որ համակարգած է դիրքորոշումները ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի հետ՝ G7-ի երկիրներու առցանց գագաթնաժողովէն առաջ։ Այս մասին Զելենսքին յայտնած է իր թելեկրամեան ալիքին միջոցաւ հրապարակուած տեսաուղերձին մէջ։

Զելենսքին նշած է, որ հեռախօսազրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի հետ, որ «ինչպէս միշտ բովանդակալից ու օգտակար եղած է»։

«Մենք ամուր պայմանաւորուածութիւններ ունինք… Այսօր պիտի կայանայ «Մեծ եօթնեակի» գագաթնաժողովը, որուն պիտի մասնակցի Ուքրանիան, եւ այժմ մենք համաձայնեցուցած ենք մեր դիրքորոշումները Ամերիկայի հետ»,-ըսած է Զելենսքին։

Անոր խօսքով՝ Պայտըն յայտարարած է, որ Քիեւի առաջարկած «խաղաղութեան բանաձեւը» դրական կ'ընկալուի։

«Քննարկուած են նաեւ պաշտպանութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան, հակաօդային պաշտպանութեան, հրետանիի, ենթակառուցուածքներու պաշտպանութեան եւ ուժանիւթի վերաբերեալ հարցեր», - աւելցուցած է Ուքրանիոյ նախագահը։