image

Լաւրովէն մեղադրանք՝ Արեւմուտքին

Լաւրովէն մեղադրանք՝ Արեւմուտքին

Արեւմուտքը ոչնչացուցած է համաշխարհայնացման հիմնարար սկզբունքները, ինչ որ անհնար կը դարձնէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի առաջարկած համաշխարհային համագործակցութեան վերագործարկման ցանկացած փորձ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով՝ ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանին։

«Համաշխարհային համագործակցութեան վերագործարկման կարգախօսը հրաշալի է, ոչ ոք դէմ է։ Բայց ի՞նչ համաշխարհային համագործակցութեան մասին կարելի է խօսիլ, երբ Արեւմուտքը ոտնատակ տուաւ համաշխարհայնացման այն բոլոր անսասան արժէքները, որոնք այսքան տարի կը ներկայացուէին որպէս բոլորի համար ժամանակակից քաղաքակրթութեան բարիքներուն հաւասար հասանելիութեան երաշխիք»,- հռետորական հարց հնչեցուցած է Լաւրով։

Դիւանագէտը շարունակած է, որ ՄԱԿ-ին նոր կեանք հաղորդելու համար բաւարար չէ «իրականութենէն կտրուած գագաթնաժողովներ կայացնելը»:

Ան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է վերականգնել վստահութիւնը բոլոր պետութիւններու ինքնիշխան հաւասարութեան սկզբունքի հիման վրայ: 

Նախարարը նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի քարտուղարութիւնն աւելի ու աւելի կը վերահսկուի արեւմտեան երկիրներու կողմէ, ինչ որ կ'արգելակէ բարեփոխումները եւ կ'ուժեղացնէ Արեւմուտքի ազդեցութիւնը կազմակերպութեան վրայ:

Ամփոփելով խօսքը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարն ըսած է, որ ՄԱԿ-ի քարտուղարութիւնը պէտք է առաջ տանի միաւորող գաղափարները եւ փոխզիջումներ փնտռէ, այլ ոչ թէ արդարացնէ Արեւմուտքին ձեռնտու պատմութիւններու ներդրումը: