image

Բախումներ Լիբանանի Պաալպէք շրջանին մէջ. Բանակը ունի 1 զոհ եւ 5 վիրաւոր

Բախումներ Լիբանանի Պաալպէք շրջանին մէջ. Բանակը ունի 1 զոհ եւ 5 վիրաւոր

 Աւարտին բանակը կարողացած է լռութեան մատնել կրակակէտերը, սակայն արդարութիւնէ փախուստ տուած  յանցագործին մասին տուեալներ ցարդ չեն հաղորդուիր։

 Իրավիճակը կը շարունակէ  մասամբ լարուած մնալ Պաալպէքի այդ հատուածին մէջ։

Այսօր արեւծագին  բախումներ գրանցուած են Լիբանանի Պաալպէք շրջանի  «Հայ ալ շարաուինա» թաղամասին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Էլ Նաշրա» լրատուականէն։

Կը նշուի, որ  լիբանանեան բանակի ռազմական կառք մը  մեղադրեալ մը ձերբակալելու նպատակով բարձրացած է «Ալ Շարաուինա» թաղամաս եւ հանդիպելով   թաքնուած յանցագործներու թիրախ դարձած է անակնկալ կրակոցներու։

 Բանակը պատասխան կրակ տուած է անոնց ուղղութեամբ, իսկ կրակոցներուն հետեւանքով զոհուած է 1 զինուորական եւ  5 ուրիշներ վիրաւորուած են։