image

Ազատութեան Մասին. Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան

Ազատութեան Մասին. Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան

Եւ հռետոր մը ըսաւ.

_ Խօսէ՛ մեզի Ազատութեան մասին:

Եւ ան պատասխանեց._

Քաղաքի դարպասին եւ ձեր կրակարաններուն մօտ յաճախ տեսած եմ ձեզ, երբ կը ծնրադրէք եւ կը պաշտէք ձեր ազատութիւնը,

Ինչպէս ստրուկները իրենք զիրենք կը նուաստացնեն բռնակալի մը առջեւ եւ զիրենք յօշոտողը կը փառաբանեն:

Այո՛, տաճարի պուրակին եւ միջնաբերդի շուքին մէջ տեսած եմ ազատագոյնը ձեր մէջ, որ իր ազատութիւնը կը կրէ իբրեւ լուծ ու ձեռնակապ:

Եւ սիրտս կ'արիւնէր, որովհետեւ ազատ կրնաք ըլլալ միա՛յն, երբ ազատութեան որոնումը ասպազէն կ'ըլլայ ձեզի եւ երբ կը դադրիք ազատութեան մասին իբրեւ նպատակ ու լիացում խօսելէ:

Իսկապէս ազատ պիտի ըլլաք, երբ ձեր ցերեկները առանց հոգի ու ձեր գիշերները առանց կարիքի եւ վիշտի չանցնին:

Այլ, երբ այս բաները պարուրեն ձեր կեանքը եւ դուք անոնցմէ վեր բարձրանաք՝ մերկ ու անկաշկադ:

Եւ ինչպէ՞ս վեր պիտի բարձրանաք ձեր ցերեկներէն ու գիշերներէն, այնքան ատեն որ չէք փշրած շղթաները, զոր դուք, ձեր խելահասութեան արշալոյսին, ամրացուցած էիք ձեր միջօրէի ազատութեան շուրջ:

Իրականութեան մէջ, ա՛յն, որ ազատութիւն կը կոչէք, ամրագոյնն է շղթաներուն, թէեւ անոր օղակները կը փողփողին արեւին տակ ու ձեր աչքերը կը շլացնեն:

Եւ ի՞նչ են անոնք, եթէ ոչ ձեր իսկ անձէն մասնիկներ, որոնցմէ կը հրաժարիք, որպէսզի ազատ ըլլաք:

Եթէ անարդար օրէնք մըն է, զոր պիտի ուզէիք ջնջել, այդ օրէնքը գրուած էր ձեր իսկ ձեռքով եւ ձեր իսկ ճակտին վրայ:

Չէք կրնար զայն սրբել ձեր օրինագիրքերը այրելով կամ ձեր դատաւորներուն ճակատները լուալով, մինչեւ իսկ եթէ ամբողջ ծովը պարպէք անոնց վրայ:

Եւ եթէ բռնակալ մըն է, զոր գահընկէց ընել պիտի ուզէիք, ուշադի՛ր եղէք, որ ձեր մէջ կանգնուած անոր գահը կործանի:

Որովհետեւ բռնատէր մը ինչպէ՞ս կրնայ տիրել ազատ ու հպարտ մարդոց վրայ, եթէ անոնց ազատութեան մէջ բռնակալութիւն եւ անոնց հպարտութեան մէջ ամօթանք չըլլայ:

Եւ եթէ հոգ մըն է մէկ կողմ շպրտել ձեր ուզածը, այդ հոգը ձե՛ր իսկ կողմէ ընտրուած էր եւ պարտադրուած չէր ձեզի:

Եւ եթէ վախ մըն է զոր պիտի ուզէիք փարատել, այդ վախին նստարանը ձեր սիրտին եւ ոչ թէ վախցնողին ձեռքին մէջ է:

 

 Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան 

(Քաղուած ՝ «Մարգարէն» Հատորէն)