Երէկ տեղի ունեցած «Նոր Հայաստան» նախաձեռնութեան երթէն ետք 25 անձեր գիշերած են «Ազատութեան» հրապարակին վրայ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Tert.am-ը: Աղբիւրը այս մասին զրուցած է «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամ Հրաչիկ Միրզոյեանին հետ: Միրզոյեան նաեւ յայտնած է, թէ մինչեւ արեւծագ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Ռաֆֆի Յովհաննէսեան մնացած է իրենց հետ, մինչ Ժիրայր Սէֆիլեան հեռացած է, որովհետեւ անոր ըսելով «Սէֆիլեանին ծանր օր մը կը սպասուի այսօր»: