image

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը վրաններ տեղադրած է Բաղրամեան պողոտայի վրայ. անոնք գիշերած են այնտեղ

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը վրաններ տեղադրած է Բաղրամեան պողոտայի վրայ. անոնք գիշերած են այնտեղ

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամները վրաններ տեղադրած են Ազգային ժողովի մօտ՝ Բաղրամեան-Դեմիրճեան փողոցներու խաչմերուկի մօտ։ Ցուցարարները, շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանի գլխաւորութեամբ, գիշերած են Բաղրամեան պողոտայի վրայ։

Սրբազանը յայտարարած է, որ ցուցարարները որեւէ տեղ պիտի չերթան։ Անոր խօսքով՝ ընդդիմութիւնը 4 օր՝ 96 ժամ, փողոցը պիտի մնայ՝ իր կամքը պարտադրելու նպատակով, մինչեւ հասնին իրենց պահանջի իրականացման` ՀՀ վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականին։

Նշենք, որ յունիս 9-ին հանրահաւաքէն ետք ցուցարարները երթով շարժած էին դէպի Բաղրամեան պողոտայ, ուրկէ անոնց ուժայինները չէին թողած երթալ Դեմիրճեան փողոցով, պատճառաբանելով, որ պէտք է ապահովեն Ազգային Ժողղովի բնականոն աշխատանքը։

Անկէ ետք երթի մասնակիցներու մէկ մասը մնացած էր այդտեղ, միւս մասը շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանի գլխաւորութեամբ շարժած էին դէպի Պռոշեան-Դեմիրճեան փողոց։

Ոստիկաներու հետ երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք ուժայիններու շղթան կրցան անցնիլ միայն ընդդիմադիր երեք պատգամաւորներ՝ Արթուր Սարգսեանը, Տիգրան Աբրահամեանն ու Ագնեսա Խամոյեանը։

Արդէն ուշ գիշերին Բագրատ սրբազանը հաւաքուածներուն կոչ ըրաւ վերադառնալու Բաղրամեան պողոտայ՝ միանալով այնտեղ մնացածաներուն։

Ավելի վաղ, յունիս 9-ին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ժամանակ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ, վարչապետի թեկնածու Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը դիմած էր ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն կառավարութեան հրաժարականի օրակարգով նիստ գումարելու հարցով։ Նիստը, ըստ անոր՝ պէտք է գումարուի յունիս 11-ին․ «Յունիսի 10-ին Ազգային Ժողովի խորհուրդը պարտաւոր է որոշում ընդունել արտահերթ նիստ հրաւիրելու մասին։ Պատգամաւորները պարտաւոր են գործել ժողովրդի կամքով»,-ըսած է սրբազանը։

Իրաւապաշտպան Ռուբէն Մելիքեանը յայտնած է, որ գիշերը Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի ժամանակ ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է երկու քաղաքացի, որոնք ազատ արձակուած են առաւօտեան ժամը 5-ի սահմաններուն: