image

Ես ծեր եմ, բայց ընդամէնը 3 տարիով մեծ եմ Թրամփէն. Պայտըն

Ես ծեր եմ, բայց ընդամէնը 3 տարիով մեծ եմ Թրամփէն. Պայտըն

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն, որու հասցէին տարբեր շրջանակներէ կոչեր կը հնչեն նախագահական մրցապայքարէն դուրս գալու վերաբերեալ, ըսած է, որ իր մտքի սրութիւնը «բաւականին լաւ է»:

81-ամեայ նախագահն այս մասին ըսած է NBC Nightly News-ի հաղորդավար Լեսթըր Հոլթին տուած հարցազրոյցին: Հոլթը հարցուցած է Պայտընին, թէ ուրու ան կը լսէ «խորապէս անձնական հարցերու» վերաբերեալ, ինչպիսիք են մրցավազքի մէջ մնալ-չմնալու որոշումները:

«Ես ինծի: Ես վաղուց այդպէս կ՚ընեմ», -ըսած է Պայտընը:

Այնուհետեւ ան անդրադարձած է իր տարիքի շուրջ քննարկումներուն՝ ընդգծելով, որ ընտրութիւններուն իր մրցակից Տանըլտ Թրամփէն մեծ է ընդամէնը 3 տարիով:

«Ես ծեր եմ, բայց Թրամփէն ընդամէնը 3 տարիով մեծ եմ: Բացի այդ, իմ մտքի սրութիւնը բաւականին լաւ է», - ընդգծած է ան:

Պայտըն նաեւ պնդած է, որ ինք աւելին ըրած է, քան որեւէ նախագահ «երկար, երկար ժամանակ»: