Ռուսիոյ Դաշնութեան Պետական տումայի պատգամաւոր Միխայիլ Շերեմեթ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կորսնցուցած է ժողովրդավարութեան յենակէտ համարուելու իրաւունքը, ուստի Ազատութեան արձանը պէտք է փոխադրուի Ռուսիա։
«Միացեալ Նահանգներ երկար ժամանակ մակաբոյծի պէս օգտուած է այլ պետութիւններու տնտեսութիւններէն՝ ժողովրդավարութեան յենակէտէն վերածուելով բռնապետութեան ու բռնութեան յենակէտի, հրահրելով պատերազմներ՝ ամբողջ աշխարհին մէջ։ Այդ պատճառով ալ Ազատութեան արձանը պէտք է քակուի եւ փոխադրուի Ռուսիա, որ այսօր կը պաշտպանէ այլ երկիրներու ու ժողովուրդներու՝ ազատ ընտրութեան ու զարգացման իրաւունքը»,- ըսած է Շերեմեթ՝ Ռիա Նովոսթիին։
Ան աւելցուցած է, որ Պայտընի քաղաքականութեան պատճառով՝ Միացեալ Նահանգներ կորսնցուցած է Ազատութեան արձան ունենալու բարոյական իրաւունքը, իսկ Ռուսիա, որ մարտահրաւէր նետած է ամերիկեան գերիշանութեան, դարձած է ազատութեան ու արդարութեան խորհրդանիշ։
«Պայտընի օրօք Միացեալ Նահանգներ վերջնականապէս կորսնցուցած է ժամանակ մը իր ունեցած յարգանքը աշխարհին մէջ»,- ըսած է Պետական տումայի պատգամաւորը։