image

«Այո՛, Արազ Օզպիլիսը հայ է, Խնդիր Ունի՞ք». Milliyet

«Այո՛, Արազ Օզպիլիսը հայ է, Խնդիր Ունի՞ք». Milliyet

«Միլլիյէթ» թերթը, անդրադառնալով Արազ Օզպիլիսի «Պէշիքթաշ» խումբ փոխադրուելու լուրին թողած արձագանգներուն, նախ յայտնած է իր ուրախութիւնը, Արազի նման ֆութպոլիստի մը Թուրքիա վերադառնալուն, ապա խստօրէն քննադատած է ազգայնամոլ վերաբերմունք ցուցաբերող թուրք երկրպագուները՝ Արազի հասցէին վիրաւորական արտայայտութիւններ ունենալնուն եւ անոր փոխադրութեան կապակցութեամբ «Պէշիքթաշ» ակումբը մեղադրելնուն համար:

Թերթը նշած է, որ Արազի հայրը Տիարպէքիրի հայերէն է, իսկ Արազ ծնած է Պոլսոյ Պաքըրգիւղ թաղի մէջ եւ փոքր տարիքէն մեկնած է Հոլանտա: Որպէս հայ՝ Արազ բնականաբար ընտրած է Հայաստանի ազգային խումբի անդամակցութիւնը, գրած է թերթը աւելցնելով՝ «Կրնար նաեւ Թուրքիոյ ազգային խումբը ընտրել, սակայն ընտրութեան իրաւունքը իրեն կը պատկանէր: Ոչ ոք կրնայ այս հարցի մէջ զինքը մեղադրել: Միթէ մենք չե՞նք հպարտանար Մէսուտ Էօզիլով» եւ յորդորած, որ ֆութպոլը շատ աւելի բարձր է, քան ազգային պատկանելիութիւնը:

«Այո, Արազ Օզպիլիսը հայ է: Ի՞նչ իմաստ ունի ֆութպոլի մէջ ազգութեան հետ կապուած նմանօրինակ ամօթալի բաներ ըսել»,- եզրափակած է թերթը: