image

«Այսօր միակ հրամայականը ներքին լարուածութեան լիցքաթափումը պէտք է ըլլայ».ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւն

«Այսօր միակ հրամայականը ներքին լարուածութեան լիցքաթափումը պէտք է ըլլայ».ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւն

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ-ի մէջ կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու վերաբերեալ, որ կը ներկայացնենք ստորեւ․

«Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիները, յաջորդական՝ արդար, ազատ ու թափանցիկ ընտրութիւններու առիթով:

Ներքաղաքական գերշիկացած մթնոլորտի մէջ՝ հեզասահ ու անցնցում ընտրութիւններու կայացումը մեր ժողովուրդի համար մեծագոյն յաղթանակ է: Միաժամանակ, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման կարեւորագոյն ձեռքբերում է նաեւ այն իրողութիւնը, որ ամբողջ հանրապետութեան տարածքով տեղի ունեցաւ, թէկուզ թերի, բայց բուռն եւ իրական նախընտրական քարոզարշաւ, վաստակելու համար Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի քուէն:

Այս առթիւ, կը շնորհաւորենք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր քաղաքական խումբը՝ ընտրութիւններուն արձանագրած տպաւորիչ յաղթանակի կապակցութեամբ եւ համոզուած ենք, որ վարչապետին տալով իշխանութեան նորոգուած մանտաթ, ընտրողը յստակ պատգամ  կ'ուղարկէ առ այն, որ մեր ռազմագերիներու տուն դարձի, ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերման, Արցախի խնդրի մշտական եւ արդար լուծման, Հայաստանի հանրապետութեան անվտանգութեան եւ ապահովութեան ամրապնդման կողքին, ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարը կը մնան առաջնահերթութիւն եւ 2018 թուականին սկսած գործը պէտք է հասցնել աւարտին:

Միւս կողմէ, անընդունելի եւ դատապարտելի կը գտնենք որոշ քաղաքական գործիչներու եւ շարք մը հոգեւորականներու կողմէ ընտրողներու հասցէին հնչող վիրաւորական արտայայտութիւններն ու պիտակաւորումները, որոնք միայն կը խորացնեն հասարակութեան բեւեռացումը, երբ այսօր միակ հրամայականը ներքին լարուածութեան լիցքաթափումը պէտք է ըլլայ: Այդ տեսանկիւնէն, կ'ողջունենք վարչապետի՝ համախմբման ու երկխօսութեան կոչը եւ յոյս կը յայտնենք, որ այդ կ'ըլլայ առաջին քայլը՝ համերաշխութեան վերականգնման եւ միասնական ջանքերով հայրենիքի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման»: