Այս պահուն Հայաստանի սահմաններուն կուտակումներ չկան, 2 նոյեմբերին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է Ագզային ժողովի փոխխօսնակ Յակոբ Արշակեանը։
Ընդգծելով, որ վերջին շրջանին դրական տեղաշարժեր կան յատկապէս հռետորաբանութեան տեսանկիւնէ՝ իշխանական պատգամաւորը միեւնոյն ժամանակ շեշտեց՝ իրավիճակի ամբողջական գնահատական կու տայ այս պահի դրութեամբ։
«Ասել, որ ամէն ինչ հրաշալի է եւ որեւէ վտանգ չկայ, ես նման բան չասացի։ Ընդամէնն ասացի, որ այս պահին յայտնի չէ նման փաստ, որ Հայաստանի շուրջ կայ զօրքերի կուտակում։
Պէտք է նաեւ հաշուի առնել, որ բոլորովին վերջերս զօրավարժութիւններ էին տեղի ունենում ադրբեջանաթուրքական, այսինքն՝ ռեգիոնի ընդհանուր լարուածութիւնը, մեծ հաշուով, կայ», -ըսած է Արշակեանը։