image

Աւետարանական Եկեղեցին Ըմպելի Ջուր Կը Տրամադրէ Հալէպահայերուն (Լուսանկարներ)

Աւետարանական Եկեղեցին Ըմպելի Ջուր   Կը Տրամադրէ     Հալէպահայերուն  (Լուսանկարներ)

Սուրիա-    Հայ  Աւետարանական  եկեղեցիի  յատուկ կարգադրութեամբ  ըմպելի ջուր կը  տրամադրուի  Հալէպի հայութեան:   Յայտնենք,  որ  «Արեւելք» նոյն թեմայով    հակիրճ զրոյց մը ունեցաւ    Հայ   Աւետարանական  եկեղեցւոյ նախագահ    Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին հետ:  Սելիմեան  ըսաւ, որ   «Բէթէլ»  եկեղեցւոյ մէջ նախաձեռնած են ըմպելի ջուրի հորի մը  փորելուն եւ օգտագործման:  Ըստ   պատուելիին ջուրէն  կ'օգտուին  եկեղեցիին    շրջանը բնակող   հայ եւ  տեղացի քաղաքացիներ:   Ջուրը   նաեւ կը հասցուի  այն  ընտանիքներուն, որոնք  տարբեր  հանգամանքներով  չեն  կրնար եկեղեցի  հասնիլ: Վերապատուելին նշեց, որ     քաղաքացիները  ամէնէօրեայ դրութեամբ   5-էն 6 ժամ ջուր ստանալու  հնարաւորութիւն  կ'ունենան:      Վերապատուելի Սելիմեան նաեւ  յիշեցուց, որ  ըմպելի ջուր տրամադրելու նախաձեռնութիւնէն բացի շրջանի  բնակիչներուն բժշկական  նախնական բուժօգնութիւն եւ խնամք   կը տրամադրուի: