Սուրիա- Հայ Աւետարանական եկեղեցիի յատուկ կարգադրութեամբ ըմպելի ջուր կը տրամադրուի Հալէպի հայութեան: Յայտնենք, որ «Արեւելք» նոյն թեմայով հակիրճ զրոյց մը ունեցաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին հետ: Սելիմեան ըսաւ, որ «Բէթէլ» եկեղեցւոյ մէջ նախաձեռնած են ըմպելի ջուրի հորի մը փորելուն եւ օգտագործման: Ըստ պատուելիին ջուրէն կ'օգտուին եկեղեցիին շրջանը բնակող հայ եւ տեղացի քաղաքացիներ: Ջուրը նաեւ կը հասցուի այն ընտանիքներուն, որոնք տարբեր հանգամանքներով չեն կրնար եկեղեցի հասնիլ: Վերապատուելին նշեց, որ քաղաքացիները ամէնէօրեայ դրութեամբ 5-էն 6 ժամ ջուր ստանալու հնարաւորութիւն կ'ունենան: Վերապատուելի Սելիմեան նաեւ յիշեցուց, որ ըմպելի ջուր տրամադրելու նախաձեռնութիւնէն բացի շրջանի բնակիչներուն բժշկական նախնական բուժօգնութիւն եւ խնամք կը տրամադրուի: