Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, հանդիսաւորապէս ընթերցուած է հայրապետական հռչակագիրը, յայտարարելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2025 տարին հռչակած է «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի»:
Այս մասին մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Թեմի Դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ 2025 տարին հռչակեց «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի»:
Արդարեւ, տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 12 Յունուար 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, հայրապետական հռչակագիրը հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ:
* Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան: Հայրապետական հռչակագիրը ընթերցեց՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան:
* Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան: Հայրապետական հռչակագիրը ընթերցեց՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան:
* Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ Հայրապետական պատգամը ընթերցեց՝ Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան:
* Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան: Հայրապետական հռչակագիրը ընթերցեց՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան:
* Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ Հայրապետական հռչակագիրը ընթերցեց՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան:
* Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ Հայրապետական հռչակագիրը ընթերցեց՝ Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան:
Ամփոփ կերպով կ՚անդրադառնանք «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի» հայրապետական հռչակագիրի բովանդակութեան։
Հռչակագիրը կը բացուի Նորին Սրբութեան հայրական ողջոյնով եւ Նոր Տարուան, նաեւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօներու բարեմաղթութիւններով, ապա անդրադարձ կը կատարուի 2003-էն սկսեալ իւրաքանչիւր տարի հայ կեանքին առնչուած արժէքի մը, մտահոգութեան կամ դէպքի մը նուիրելու եւ զայն լուսարձակի տակ բերելու աւանդութեան շարունակութեան, շեշտելով Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման անյետաձգելի հրամայականը: Վեհափառ Հայրապետը կը հաստատէ. «Սփիւռքի վերակազմակերպումն ու հզօրացումը հետապնդելու աշխատանքներու ծիրէն ներս, լեզուի ու մշակոյթի կողքին, հայու ինքնութիւնը ամուր պահելու մեր ճիգին մէջ, մեծապէս էական կը նկատենք մեր կրօնական ու ազգային աւանդութիւններու վերանորոգման ու վերակենսաւորման հրամայականը: Մեկնելով այս հաստատ համոզումէն, 2025 տարին կը հռչակենք ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ»:
Աւանդութիւն բառին ընդհանուր սահմանումը տալով Վեհափառ Հայրապետը կ'ըսէ. «Աւանդութիւնը տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ որեւէ կազմակերպութեան առնչուած հաւատալիքներու, արժէքներու, իտէալներու, նպատակներու, տեսլականներու, կենցաղակերպերու, մտածողութիւններու, գործելակերպերու ու սովորութիւններու ամբողջութիւնն է, ինչպէս նաեւ անոնց փոխանցումը սերունդէ սերունդ: Աւանդութիւնը սերտօրէն կապուած ըլլալով տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ կազմակերպութեան կեանքին ու պատմութեան հոլովոյթին հետ, վճռական դեր ունի անոր ինքնութեան երաշխաւորման, ամբողջականութեան պաշտպանման, գոյութեան ամրացման ու շարունակականութեան պահպանման մէջ»:
«ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ» խորագիրով, Վեհափառ Հայրապետը կը մատնանշէ Աստուածաշունչի Հին եւ Նոր կտակարաններուն մէջ աւանդութեան կարեւորութեան մասին յաճախակիօրէն յիշուած ակնարկութիւնները, դիտել տալով, որ մենք ո՛չ միայն առաջին ժողովուրդը եղած ենք քրիստոնէութիւնը ընդունող, այլ քրիստոնէութիւնը հայ կեանքէն ներս մուտք գործելով հայացած է ու հայ կեանքը քրիստոնէացած: Ան կը հաստատէ, թէ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետէն սկսեալ մինչեւ այսօր մեր աւանդութիւնները, ըլլան անոնք կրօնական, մշակութային, ազգային թէ ընկերային, թրծուած են աստուածաշնչական ուսուցումներով ու արժէքներով»:
«ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» վերնագիրով Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ, թէ «Եկեղեցին յստակ տարբերութիւն մը կը դնէ Աւանդութեան ու աւանդութիւններուն միջեւ: Աւանդութեան պարագային եկեղեցին զայն կը նկատէ էական ու անփոփոխելի, որովհետեւ անոր մաս կը կազմեն Աստուածաշունչը, դաւանական ու աստուածաբանական հիմնական սկզբունքներ, Հայրապետական կոնդակներ, հոգեւոր ու բարոյական ուսուցումներ՝ այլ խօսքով, եկեղեցւոյ հիմքը կազմող տարրեր: Աւանդութիւններու պարագային, անոնք ժամանակի ընթացքին եկեղեցիներու կողմէ հաստատուած են, ընդհանրապէս տեղական նկարագիր ունին եւ կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ: Այս տիպի աւանդութիւնները եւս կարեւոր են, պայմանով սակայն, որ անոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով աղերս ունենան քրիստոնէական կրօնի հիմնական ճշմարտութիւններուն, ուսուցումներուն ու հաւատալիքներուն հետ»:
«ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ, ՄՇԱԿՈՅԹ, ԾԷՍ ՈՒ ՄԻՋԱՎԱՅՐ» խորագիրով Վեհափառ Հայրապետը կը պարզէ, թէ աւանդութիւնները անմիջական աղերս ունին մարդկային կեանքի հոլովոյթին եւ միջավայրին հետ: Աւանդութիւնները սերտօրէն առնչուած են մշակոյթին, որովհետեւ մշակոյթն է աւանդութիւն մը ձեւաւորողը ու կազմաւորողը: Աւանդութիւնները կապուած են եկեղեցւոյ կեանքին առանցքը կազմող ծէսին: Աւելին, աւանդութեան առնչութիւնը միջավայրին հետ միշտ եղած է գոյութենական։
Վեհափառ Հայրապետը կը յայտնէ, թէ մնայուն տեղաշարժի ենթակայ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս յստակօրէն կը տեսնենք մեր աւանդութիւններուն մէկ մասին կորուստը կամ գունաթափումը եւ նոր աւանդութիւններու յառաջացումը: Հետեւաբար, ան կը պատուիրէ վերաշեշտել աւանդութեան անփոխարինելի կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութեան պարագային, անցեալէն ժառանգուած աւանդութիւնները վերատեսութեան ու բարեփոխութեան ենթարկելու հրամայականը:
«ՀԱՐԿ Է ՎԵՐԱՇԵՇՏԵԼ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ» գլուխով Վեհափառ Հայրապետը անհրաժեշտ կը նկատէ մեր պատմութեան փորձառութեան լոյսին տակ հետեւեալ հաստատումները կատարել.-
ա) Մեր ժողովուրդին գոյութիւնը ամրապնդողը աւանդութիւնն է:
բ) Ներկան անցեալին կապողը աւանդութիւնն է:
գ) Մեր ազգին միութիւնը ապահովողը աւանդութիւնն է:
դ) Մեր ազգին իւրայատկութիւնը արտայայտողը աւանդութիւնն է:
ե) Մեր արժէքները ու տեսլականները, մեր հաւատքն ու ոգին պահողը ու մեր հաւաքական կեանքէն ներս հունաւորողը աւանդութիւնն է:
զ) Վերջապէս, Սփիւռքի տարածքին, հայապահպանման զօրեղ ազդակներէն մէկն է աւանդութիւնը:
«ՀԱՐԿ Է ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱՐՁՆԵԼ ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ» վերնագիրին տակ Նորին Սրբութիւնը կը նշէ, թէ ինքնութիւն կլանող, արժէքներ ու աւանդութիւններ ջլատող ու ամէն տեղ մեզ շրջապատող համաշխարհային մշակոյթին դիմաց՝ աւանդութիւնը ինքնապաշտպանութեան կարեւոր գործօն մըն է, որ աւելի զօրեղ ու ազդու դառնալու համար՝
1) Անհրաժեշտ է, որ անցեալէն եկող բոլոր բնոյթի մեր աւանդութիւնները վերանայման ենթարկուին:
2) Անհրաժեշտ է, որ աւանդութիւնները դարձնելով աւելի գրաւիչ ու մատչելի, զանոնք տանինք ժողովուրդին, յիշեցնելով անոնց կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդին ամբողջականութիւնը ու ինքնութիւնը պահելու իմաստով՝ յատկապէս Սփիւռքեան պայմաններուն մէջ:
3) Անհրաժեշտ է, որ ներկայ ժամանակներուն համապատասխան նոր տիպի աւանդութիւններ մշակենք, որպէսզի կարելի դառնայ նոր սերունդները ներգրաւել մեր կեանքէն ներս:
4) Վերջապէս անհրաժեշտ է, որ աւանդութիւնները սոսկ չպահենք, այլ զանոնք աւելի հարստացնենք:
Պօղոս առաքեալին հետեւեալ խօսքը փոխ առնելով. «Ձեր հայրերու աւանդութիւններուն ամուր կառչեցէք» (Բ.Թս 2.15), Նորին Սրբութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը թելադրէ, որ ամուր կառչին մեր հայրերուն կողմէ ստեղծուած եւ ի գին ամէն զոհողութեան պահուած աւանդութիւններուն, այն հաստատ համոզումով թէ՝
- մեր աւանդութիւնները մեզ պահեցին ամուր՝ պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց:
- մեր աւանդութիւնները մեր ինքնութիւնը երաշխաւորեցին՝ ինքնութիւն այլափոխող ժամանակի հոսանքներուն դիմաց:
- մեր աւանդութիւնները մեզի համար դարձան ապահովութեան կռուան, գոյութեան խարիսխ եւ միութեան օղակ՝ պայմաններուն պարտադրած վերիվայրումին դիմաց:
- մեր աւանդութիւնները դարձան մեր ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներն ու իտէալները, մեր իրաւունքներն ու պահանջները արծարծ պահող կենդանի յուշարարներ՝ մարդկութեան լռութեան դիմաց:
Հետեւաբար, Վեհափառ Հայրապետը կը պատուիրէ մեր անցեալը ներկային կապող, ներկան ամրապնդող ու ապագային բացող մեր աւանդութիւններուն նկատմամբ ունենալ հաւատարմութիւն ու նախանձախնդրութիւն:
Վերջապէս, «ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է» խորագիրով, Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ, թէ ա՛յս պէտք է դառնայ մեր եկեղեցւոյ, մեր կառոյցներուն, պատասխանատուներուն եւ իւրաքանչիւր հայու համար հիմնական առաջնահերթութիւն:
Այս ուղղութեամբ, Վեհափառ Հայրապետը կը թելադրէ, որ
«1) Աւանդութեան կարեւորութիւնը շեշտող յօդուածներ գրուին հոգեւոր հայրերուն ու մտաւորականներուն կողմէ:
2) Մատչելի ու դաստիարակչական մօտեցումով յատուկ գրքոյկներ պատրաստուին աւանդութիւններու ծնունդը, հոլովոյթը եւ նպատակը պարզող:
3) Հոգեւոր հայրեր, թէ՛ իրենց քարոզներուն եւ թէ ընտանիքներուն տուած այցելութիւններուն ընթացքին, յիշեցնեն մեր աւանդութիւններուն ներկայացուցած իւրայատուկ կարեւորութիւնը:
4) Մեր կառոյցները, յատկապէս տիկնանց միութիւնները, ժողովրդային յատուկ հաւաքներ կազմակերպեն՝ աւանդութիւններ բացատրող ու անոնց դերը ու այժմէականութիւնը պարզող»։
Վստահ ենք, որ Հայրապետական պատգամի լոյսին տակ, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր մարմինները 2025 տարուան ընթացքին սերտուած ծրագիրներով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մեր ժողովուրդի աւանդութիւններու վերակենսաւորման գործընթացին: